Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/42

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

պահեցողութեան. չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը երբ մայրն ծիծն անոր բերանը կը դնէր, Տէրոյենց կը մերժէր նետելով իւր մօրը վրայ այնպիսի նայուածք մը' որ կը թարգմանվէր. ինչու կ՚ստիպես զիս պահքս աւրել մայրիկ.—այս թարգմանութեան ճշտութեանը կը վկայենք, որովհետեւ Տէրոյենցինը չէ:—Ծոմապահութեամբ ալ ոչ նուազ նշանաւոր է Պատուելին. եթէ այսօր դասատու մը կամ խմբագիր մը դրամ չունենայ հաց առնելու եւ մինչեւ իրիկուն անօթի մնալ ստիպվի՝ Տէրոյենցի պէս բարեպաշտ է կ՚ըսեն-

Զամուրճեան Պրուսա անցուց իւր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերը: Ամեն առաւօտ կանուխ եկեղեցի կ՚երթար: Իւր աղօթքին մէջ թէպէտեւ երկնից արքայութիւնը կը խնդրէր, սակայն հարուստ ամիրաներ ալ խնդրելու չէր մոռնար: Նեղութեան ժամանակները կ՚ստիպվէր երբեմն մարդուս սխալական ըլլալը հաստատել ըսելով, արքայութիւն խնդրենք բայց հացագործը դրամ կ՚ուզէ, ամիրաներ տուր ինձի, Աստուած, եւ ամեն բան ունեցած կ՚ըլլամ: Աղօթքն աւարտելէն ետքը շապիկ կը հագնէր ու ձայնաւորութիւն կ՚ընէր: Ձայնն այնչափ բարձր որ որչափ իւր ոճը, այնչափ անուշ որչափ իւր յօդուածները եւ այնչափ բարակ որչափ Երեւակին թուղթը:

1832ին Պօլիս եկաւ Տէր կարապետեան իւր ձեռքն ունենալով պայուսակ մը որ կը պարունակէր չորս շապիկ, վեց վարտիկ, քանի մը հայերէն գիրքեր, քիչ մը զրպարտութիւն, ծրար մը կռիւ, չորս թաշկինակ, կտոր մը պանիր եւ կտոր մ’ալ վեհանձնութիւն: Ասոնցմով կրնամ, կ՚ըսէր, քիչ մը ժամանակ ապրիլ: Արդարեւ երեք չորս ամիսի չափ Պօլսոյ փողոցները քննելէն ետքը ներկայացաւ Յովհաննէս գալՖային որ իւր զաւակներուն եւ աղքատներու համար մասնաւոր վարժարան մը բացած էր Իճատիէ՝ զոր քանի մը տարի առաջ Միսաքեան Խաչատուր, երեւելի գրագէտ, Հնարաւանի փոխեց գրականութեան փոքրիկ ծառայութիւն մը մատուցանելու նպատակով: Այս վարժարանին դասատու