Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/67

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Խնուզ Այրօզ գիւղն իջած էր ուսկից Մուշ պիտի երթար, եւ ահա քանի մը անձեր կը ձերբակալեն զինքը զրպարտելով թէ մախաղին մէջը Բողոքականի գիրքեր գտած են, եւ գանակոծելով կը բանտարկեն Աւագի Օվէի ախոռին մէջը: Քսան օրէն ետքը ախոռէն կը հանեն եւ երբ Ս. Կարապետի վանքին մէջ բանտարկվելու համար ճամբայ կը հանեն, բարեկամ Քիւրտերն կ՚ազատեն զինքն ու կը յանձնեն կառավարութեան, որ Կարին կը ղրկէ զայն հոն դատվելու համար: Ինքը կը փափաքի Ա. Յովհաննու վանքն պատուել իւր ներկայութեամբը, իսկ երբ կը լսէ որ կապանքով Ս. Կարապետի վանքին մէջ պիտի պատուասիրվի, կը փախչի․ բայց կը ձերբակալվի, Մուշ կը բերվի, Մուշէն Ս. Կարապետ կը ղրկվի, ուր կը բանտարկվի ութսուն օր: Իւր բանտարկութեան այս շրջանին մէջ կը թարգմանէ Աւետարանն Քրդերէնի, որպէս զի Քրդերէն գիտցող ազգայիններն ալ հասկնան Աւետարանի հոգին եւ իրեն օրինակին չհետեւին: Բարեկամները կ՚երթան եւ կը յաջողին այս հալածեալ առաքեալն բանտէն հանելու:

1847ին երրորդ անգամ Պօլիս կուգայ: Մայրաքաղաքը հասնելուն պէս Պատրիարքարանն իրեն պատիւ ընելու նպատակաւ, երկու մարդ կը ղրկէ որոնք կ՚ընկերանան նորին գերապատուութեան մինչեւ Փրկիչ, ուր կը բանտարկվի տասնըհինգ օր եւ ուր խեղճին մախաղէն կը գողցվի հազար եօթը հարիւր դահեկան զոր չունէր:

Սակայն գործող մարդ մը բանտին մէջ չկրնար երկար ատեն մնալ. ուստի այս անգամ ալ բանտէն ազատվելու համար կ՚առաջարկէ որ Հայաստան դառնայ եւ Մարաբաս Կատինայ Հայոց Պատմութիւնը գտնէ: Ամիրային մէկն այս առաջարկութիւնն ընդունելով դրամ կուտայ իրեն որ երթայ գտնէ այդ Ազգային Պատմութիւնը զոր թէպէտ եւ գտած կը համարի Տիգրանեան դրամը գրպանը նետելուն պէս, սակայն նորէն ճամբայ կ՚ելնէ:

1852ին իւր ըրած ազգօգուտ գործերուն համար նորէն