Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/87

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Հայեր, երեք հազար տարեկան ճշմարտութիւն մը կորսըվեցաւ Պատրիարքարանի մէջ:» Ժողովուրդն այս Կեսարացիին ընթացքին հաւնելով կը քաջալերէր զայն որուն խմբագրատունն էր այն ատեն Վէզիր խանին մէջի սրճարանը, աթոռն էր տոպրակի մէջ լեցուած հարիւր տրամ խոտ, գրասեղանն էր սրճարանապետին դրան քով դրված սնտուկը եւ թաշկինակն էր իւր հագուստին թեւը: Ընթերցասիրութեան նոր վարժվող ժողովրդեան մը քաջալերութիւնն այս աստիճանին մէջ կը պահէին զինքը եւ հարուստներն որք տաղանդին, ինչպէս կ՝ըսէ Ցորնաղ, գովեստներէն ուրիշ բան չեն տար, միայն կը ծափահարէին Փանոսեանը: 1858ին երբ Ջէյթունի կոտորածն սկսաւ, Փանոսեան քաջ ախոյեան հանդիսացաւ այս խնդրոյն մէջ որ պատճառ եղաւ իւր լրագրին խափանման եւ իրեն բւսնտարկութեանը: Խափանում, բանտարկութիւն բնաւ նշանակու թիւն չունէին իւր առջեւ, մանաւանդ բանտն որ իրեն Համար առանց վարձու սենեակի մը մէջ նստիլ էր: Բանտէն ելնելուն պէս Թափառական Հրեային տաճկերէն թարգմանութեանը ձեռնարկեց: Այս աննման վէպին թարգմանութեամբը մէկ կողմէն նախապաշարումները կ'սպաննէր, տաճկերէն յեզուին ջարդ կուտար եւ ամեն օր սիրտը կը դալար թէ չըլլայ թէ էօժէն Սիւ ելնէ դատ բանայ իրեն դէմ: Այս ահուդողի մէջ անհնար ըլլալով թարգմանութեան շարունակու- թիւնը կիսատ թողուց զայն թէպէտեւ բաժանորդներէն ամբողջ բաժանորդագիններն առաւ: 1866ին յաջողեցաւ արտօնութիւն առնել Մանզումեի էֆքեար անուն լրագրի մը որուն հրատարակութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակէ: Այս լրագրին մէջ սկսաւ շարել իւր կարծիքները մարդերու հասկնալի կերպով. իսկ երբ 1869ին Ագապեան վարժարանը բացաւ եւ անոր դէմ դիտողութիւններ տեղի ունեցան, սկսաւ էջերուն խօսիլ։ Առաջ իւր յօդուածներուն գլուխը Հայեր, Հայե՛ր, կը գործածէր, վերջէն