սկսաւ աւանակներ, էշե'ր դնել: Ագպան վարժարանի կռուոյն մէջ այնպիսի անդուռն բերանով յարձակեցաւ մէկ պաշտօնակիցին վրայ որ ստիպվեցաւր դատի հրաւիրվիլ 1Տ72ին Այս դատը այնքան հետաքրքրութիւն շարժեց որ Մուսաս Պարնասի գագաթէն իջնելով ներշնչեց ինձի եւ ես երգեցի այն դատը: Ինչո՞ւ չերգեմ նաեւ այսօր այն պատերազմն դիւցազներու որք, սագի փետուրով զինված, վեց ամիս իրարու դէմ կատաղաբար պատերազմեցան եւ դաշտի վրայ հազարաւոր ընթերցողներ վիրաւորելէ ետքը արիւնով ներկեցին համեստ դէմքերը: Ըսե' ինձ, ո՜վ Մուսա, ի՞նչպէս եղաւ որ Օրագիր ոճրագործ բառին վրայ սրտմտելով ասպարէզ կարդաց Մանզումէին: Շուտ ըրէ', եկո՛ւր եւ օգնէ' ինձ որ այս վեցամսեայ պատերազմն արձակ երգով մը կտրող ըլլամ։ Այն ինչ վարդամատն Արշալոյս արեգական դռները բանալու համար դարբին փնտռելու իջած էր Հեփեստոսի բնակարանը, Օրագիր յանկարծ արթնցաւ եւ oր մահու եւ կենաց գոչեց այնպիսի սրտառուչ ձայնււվ ասկից շարժեցաւ մահճակալը: Քանի մը վայրկեան ձեռն ու ծնօտ խորհելէն ետքը դիմեց զէնքերուն, առաւ զանոնք եւ գրպանին մէջ դնելով արիաբար հեծաւ իւր կօշիկներուն վրայ եւ սկսաւ յառաջանալ դէպի հոն ուր պիտի սպաննէր թշնամին: Միւս կողմէն Մանզումե հապճեպով հագվեցաւ իւր պատերազմական հագուստները. զգեցաւ զրահն ուսկից արեւուն ճառագայթները չեն կրնար թաւիանցնիլ, առաւ իւր զէնքերն որ կը բաղկանային ավանակ, էշ, լիրբ, ոճրագործ, անամօթ, բառերէ եւ հետեւեալ ատենաբանութիւնն ըրավ։ Դողացե'ք ոտներուս տակ, ո՜վ դու գուլպաներս: Այս ատենաբանութենէն ետքը վերջին ողջոյնը տուաւ իւր սենեակին այնպիսի սրտաճմլիկ խօսքերով որ լալ սկսան բարձերն ու բազմոցներն: Վերջին ողջոյնը տալէն ետքը մտրակեց իւր կօշիկները եւ պատրաստվեցաւ իւր ոսոխին դէմն ելնելու:
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/88
Արտաքին տեսք