Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/89

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հասաւ վերջապէս սւյն ժամն որ դէմ առ դէմ պիտի բերէր այս երկու ըմբիշներն որ իրարու երես տեսնել չէին ուզեր,.. սոսկալի վսյրկեան... մուկ մը ասոնց մէջտեղէն անցաւ երկու դիւցազները զարհուրեցան բայց քւսջութեամբ ետ քաշուեցան: — Յառաջ մօտեցիր, գոչեց Ս՚անզումէն երկու քայլ առնելով դէպի ետ: Այս հրաւէրին վրայ Օրագիր անզգուշութեամբ Մանզումէնին ոտքին վրայ կոխեց.— ա՜յ թշուառական, ասնկ կատակ կ՚ըլլա. պօռաց Մանզումէն Օրագրին վրայ յարձակեցաւ, քաշեց մէջքէն գօտին եւ անանկ հարուած մը տուաւ ոճրագործու որ վիրաւորեր Օրսւգրին ականջը: Օրագիր իւր ուժն ժողովելով Մանզումէին գլխուն իջեցուց Տրամաբանութեան ահեղ զէնքը: Ամպակատակն Հայր Արամազդ երկնքին բարձրէն սարսափով կը դիտէր այս արիւնալի պատերազմը: Աստուածներէն ոմանք միջամտել կուզէին, ոմանք չէզոքութիւնը Նախամեծար կը համարէին, ոմանք զրահաւոր ղրկել կ'որոշէին, ոմանք փոխատուու դադրեցունել կը ւիափաքէին, վերջապէս տարաձայնութիւնն այնքան սկսաւ շփոթեցնել Աստուածներն որ աստուածներու Հայրն շանթ ի ձեռին ոտքն ելաւեւ այսպէս խօսեցաւ. «Անմահ մը չկրնար անխտիր մնալ մահկանացուներուն այս խեղճ վիճակին, ուստի առանց ձեզմէ խորհուրդ հարցնելու, որոշեցի Առսւքինութիւնը ղրկել որ երթայ հաշտեցունէ զանոնք: Բայց որպէս զի Առաքինութիւնը կարենայ իւր պաշտօնն կատարել հարկ է որ կնկան կերպարանքով երեւի անոնց, որովհետեւ կիները իրենց փափուկ խօսքերու կարող են քարէ սիրտերն անգամ կակուղցնէլ:» Աստուածներն թող տուին որ Արամազդ իւր պատսւսխանատուութեանը ներքեւ գործէ: Ուստի առաքինութիւն յանձն առաւ այս պաշտօնն եւ իսկոյն գեղեցիկ աղջկան մ՛ը կերպարանափոխվելով, ժպիտով մը վար իջաւ եւ կանգնեցաւ մեր դիւցազուններուն մէջտեղն որոնց մին բանթալոնը կապելու զբաղած էր եւ միւսը ֆէսն կը մաքրեր։ —Ո՜վ դիւցազներ, գոչեց Առաքինութիւնը կը ճանաչէ՞ք զիս.— Ամենեւին