Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/124

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բըռնել դպրոցի նշանակութիւն, մանուկներու կրթութիւն։

Այս կերպով այցելու վարդապետ ոչ միայն կը յաջողի գիւղական դպրոցներ հաստատել, այլ նա կը յաջողի նաեւ գիւղի երիտասարդներ, այրական հասակով մարդիկներ եւ նոյն իսկ հնացած ծերուկներ կրթել, որոց կրթարան եկեղեցին է։ Եթէ վարդապետ յաճախէ իւր այցելութիւն, խօսի, կրկնէ իւր քարոզները կարդացած Աւետարանի միտքեր, բացատրէ, ցոյց տայ Աստուծոյ պատուէրներ, կենաց բանին ու հացին սեղան այնպէս պատրաստել ու դնել քաղցած ժողովրդին առաջ, որ նա ուտէ ու լիանայ։

Գիւղական ժողովուրդ թէպէտ քրիստոնեական կեանքի մէջ շատ ծեր է, բայց իւր արդի կեանքը նկատելով, նա մի նորածին կաթնկեր երախայ դարձած է, նորա կեանքի պատկեր տգիտութիւն եւ ռամկութիւն է։ Նորա ատամներ դեռ բուսած չեն եւ պէտք չեն նորա համար հաստատուն կերակուրներ, այսինքն նուրբ դասեր եւ քարոզներ, նորա համար միայն կաթնեղէն սնունդ պէտք է, որ նա կարենայ քաղցրութեամբ ճաշակել ու մարսել։ Իրաւ է, որ մանկութեան ուսումն շատ հիմնաւոր եւ հաստատուն է։ Երանի՜ թէ ես էլ բախտ ունենայի՝ մանուկ հասակով դպրոց մտնայի ու կանոնաւոր կրթութիւն ստանայի, ինչ որ գիտեմ եւ ինչ որ կը խօսեմ քեզ այս դասերը, չափահաս հասակէս սկսեալ սորված եմ, որ շատ դուզնաքեայ բաներ են, զի միայն լսելով եւ գրքեր կարդալով փոքր ի շատէ հմտացած եմ աշխարհի բաներուն։ Գիտե՞ս, Թոռնիկ, ամէն մի գիրք, մի-մի վարժապետ են կարդացողի համար, գրողներ մեռեր գնացեր են, գիրն կենդանի մնացեր է, կան այնպիսի գրքեր, որ անմահ են. թէ անցնին հազար-հազար տարիներ՝ դեռ պիտի խօսեն մեզ հետ։

Այս մի քանի տողեր գրելով՝ հասկցունել կուզեմ քեզ, Թոռնիկ, որ հասակ առած մարդիկ կարող են փոքր ի շատէ կարեւոր դասեր սորվել ու կրթուել, միայն թէ այդ դասախօս՝ պէտք է լինի մի անձնուէր մարդ, անձանձրոյթ, մշտախօս, անյուսահատ, յարատեւող ու երկայնամիտ։ Սորա փորձն ու ապացոյց՝ ես աչքովս տեսայ, պատմեմ քեզ, Թոռնիկ։

Աստի գրեթէ քսան եւ հինգ տարի առաջ, Պօլսոյ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովանեաց տակ կրթութեան մի նորօրինակ ձեռնարկութիւն եղաւ։ Այդ բանին սկզբնաւորող հե-