Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/135

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տեցէք ձեր քրտինքով, որ ամէն օր ձեր ընտանեկան սեղանին վերայ լիապէս ճաշ ուտէք, հարսնիքի ճաշ, մահուան հոգեճաշ փոր չեն կշտացներ։ Թողէք հոգեճաշ խեղճ աղքատներուն եւ մանաւանդ քահանաներուն, որոց իրաւունք զլանալով եւ չը տալով՝ միշտ ձեր հոգեճաշին կսպասեն. շիտակ խոսելով մեր քահանայք մեռելներու շնորհիւ աւելի կապրին, քան թէ կենդանեաց։

Է՜, սիրելի հարսնեւորներս, հարսնիք աւարտեցաւ, ուտելու խմելու բաներն էլ լմնցաւ. գինու տկեր դատարկուեցան, տանտիկին լուր կուտայ թէ՝ տաշտին մէջ հաց չը մնաց, եւ ամանին մէջ իւղ. միայն հարիսի պղնձի մէջ տակուց մնացեր է, էն էլ աղքատներու բաժին է։

Այժմ ամենայն քաղաքավարութեամբ՝ եկէք ծերունի Պապկի ձեռք համբուրեցէք, Թոռնիկիս ու Շուշանին արեւշատութիւն մաղթեցէք եւ մնաս բարով ասելով գնացէք ձեր տներ։ Գիտեմ, անքուն մնացիք եւ շատ էլ խմեցիր, տեսէք ահագին սանդի գինին պարպեցիք. հարսնիքէն գացող՝ կասեն թէ մահմուռ կը լինի. այս գիշեր հանգիստ քուն եղիք, առաւօտ մութ լուսնալուն պէս դէպ ի դա՜շտ, դէպ ի դա՜շտ։

Մտածեցէք, եթէ չաշխատիք վարուցանով եւ դաշտի արդիւնք չբերէք տուն, ձեր հասած զաւակներ կարող չէք պսակել, մի թէ դատարկ տնով հարսնիք կը լինի՞։ Կաղօթէ Պապիկ, որ Աստուած ձեր աշխատութիւն արդիւնաւորէ, եւ ձեր տներ բարութեամբ լեցնէ, որ դուք եւս հարսնիքներ անէք եւ ձեր որդիքներու եւ թոռներու թագն ու պսակ տեսնաք եւ մխիթարուիք։

Ահա՛ Թոռնիկ, հարսնեւորներ ցրուեցան, մնացինք ես դու, մամիկ, եւ նորեկ հարս Շուշան. մեր փոքրիկ ընտանեկան թւոյն վերայ մի հատիկ աւելացաւ. Աստուած այդ մի հատիկն իբրեւ մի ցորենահատ ցանեց մեր ընտանեկան անդաստանին մէջ, դու պիտի տեսնաս, Թոռնիկ, թէ այդ մի հատիկ մայրենի սերմէն որչափ մանկահատիկներ պիտի բուսնին. մի օր կը տեսնաս, որ տունն լցուած է լաճերով, աղջիկներ, որոնք թռչնոց ձագերուն պէս՝ ճիւճիւ ձայն հանելով, բերան բացած՝ պիտի աղաղակեն, պապօ՜, հա՜ց կուզենք, հա՜ց։ Իրաւ է, որ մարդիկ կը հաւատան ու կասեն թէ՝ Արարիչ Տէր իւր ստեղծածին ղսմաթ կուտայ։ Այո՜, կը հաւատանք այդպէս, բայց Տէր Աստուած գըսմաթ եւ հաց նախապէս պատրաստեց, եւ ապա մար-