Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/144

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տակ կը հանգչին այնպիսի հոգիներն, որք մեր գիւղին փառք եւ պատիւ եղած են. ժողովուրդ չի մոռնար, կը յիշէ նոցա բարերարութիւն եւ յիշատակ։

Գեղէն բաւական հեռու մի բլրակ կարելի, կը տեսնաս Թոռնիկ, այդ բլրակին գագաթ մի մեծ խաչաքար կայ. այն տեղն է մեծ-մեծ կտիր ոչխարներու տէր հովիւ Յակօյի գերեզման. այդ բլրակից արդէն մի աղբիւր կը բղխի եւ այդ աղբիւրին Յակօյի աղբիւր կասեն, ուր Յակօյի կթան ոչխարներ կուգային պէր տալու։

Յակօ հովիւ, թէպէտ իբրեւ հողագործ տանուտէր չէր մեր գիւղին մէջ, բայց իբրեւ հովիւ խաշնարած մեծ տանուտէր կը համարուէր, վասն զի չորս կտիր ոչխար ունէր, ամէն մի կտիր հազար հատ էր. կասէին քառսուն հոգի վարձկան հովիւ եւ գառնարած ունէր, բոլորն էլ ամուսնացուցեր էր։ Աղջիկներ ու թիւ չեմ գիտեր, իւր տունն թոռներով լցուած էին, ինքն շատ գթասէր, առատաձեռն մարդ էր. իւր օրհնեալ տունն աղքատներուն ապաւէն էր։ Ոչխարաց կտուրի ժամանակն՝ բուրդ կը բաշխէր աղքատներուն. Յակօ հովիւ Յովբայ պէս կարող էր ասել թէ աղքատներուն մերկացած թիկունք՝ իմ բուրգովս կը ջեռնուէին։ Նմանապէս կաթէն՝ կաթ, պանրէն՝ պանիր, իւղէն՝ իւղ բաժին կը հանէր կարօտեալ գեղացի ընտանեաց։ Յակօ հովիւ անխտրապէս կը մատակարարէր, նա չէր որոշեր իւր շրջապատ եղած անընտանի օտարացեղ ազգերու կարօտեալներն. ով որ դիմէր, ով որ խնդրէր նա կուտար եւ չէր խաբեր։ Սորա համար իր անուն եւ համբալ շատ մեծ էր Նոյն իսկ դրացի պայազատ քիւրդ ցեղապետներուն առաջ։ Մի անգամ Պարսից կողմի թշնամի քիւրդեր զարկին Յակօյի ոչխարներու կէսն տարան, մեր Յակօն Աբրահամ նահապետին պէս՝ առաւ իւր կտրիճ լաճեր եւ գիւղի քաջ տղամարդեր, գնաց կռուեցաւ եւ իւր թալան դարձուց։

Հովուական պարզ կեանք շատ երկար կեանք տուին մեր նահապետ Յակօյին, նա ապրեցաւ մինչեւ հարիւր քսան տարի, իւր բոլոր կեանքի մէջ նա վերջին անգամ հիւանդացաւ, ինքն զգաց եւ իմացաւ թէ պիտի մեռնի, կանչեց ժողվեց իւր մահճին շուրջ, բոլոր զաւակներ, թոռներ եւ տան ընտանիք. նահապետական բերնով օրհնեց զամէնքն, համբուրեց իւր հովուական ցուպն ու փող, զոր դրած էր կշտին, դողդոջուն ձեռքով