Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/145

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առաւ ու տուաւ Ապրսամ անդրանիկ որդւոյն։ «Քեզ կը յանձնեմ, որդեակք ասաց, իմ հովուական եւ տանուտէրական իրաւունքս, կառավարէ ինչպէս ես կառավարեցի, պահպանէ մեր տուն եւ ոչխարի հօտեր, մի մոռնար գթութիւն եւ կարեկցութիւն, ոչխարաց արդիւնքէն միշտ բաժին հան գիւղի աղքատ եւ չքաւոր կարօտեալներուն, իբրեւ անջնջելի կտակ՝ կաւանդեմ քեզ որդեակք որ տարուան հինգ տաղաւարաց մեռելոցի օր, քսան ոչխար պէտք է մատաղ անէք, աղքատներուն լիապէս հաց եւ կերակուր տաք, գիւղի քահանայն իւր պատարագին մէջ բոլոր մեռելոց հոգիներուն հետ յիշէ նաեւ հովիւ Յակօյի հոգին։ Որդեակ իմ Ապրսամ, օրհնելով կապսպրեմ քեզ եղբայրներ սիրէ, ընտանիք սիրէ, ոչխարաց հօտեր սիրէ, որ մեր հարստութեան գանձերն են. աշխատիր որ հովուական այդ մեծ նահապետական անուն չվերնայ հովիւ Յակօյի տնէն։ «Այլ եւս չկարեմ խօսիլ, հրեշտակն եկաւ, հոգիս պէտք է տամ» ասաց ու աւանդեց հոգին: Բոլոր գեղացիք լացին ու սգացին նորա մահուան վերայ, եւ ինչպէս ինքն կտակած էր՝ հանգուցելոյն մարմին բերին թաղեցին այս բլուրին ծոց։

Կը պատմեն թէ Յակօյի թաղման օրը գեղի բոլոր ժողովուրդ թափեր էր այս բլուրին վերայ, հովիւներն Յակօյի երկու հազար կթան ոչխարներ բերեր էին պէրատեղ։ Ապրսամ անդրանիկ որդին հրաման կանէ, որ այն աւուր ոչխարի ամբողջ կաթ ժողովուրդին եւ աղքատներուն տան. Վանեցիք գինի կը տանեն եւ գերեզմանին վերայ կը բաշխեն աղքատներուն իսկ Յակօյի գերեզմանի վերայ գինւոյն տեղ կաթն էր. բոլոր ժողովուրդ փայտէ կօտիկով նոր կթուած փրփրուն կաթ խմեցին, աղքատներն էլ իրենց ամաններ լցին եւ ողորմիս տալովս օրհնեցին հանգուցելոյն գերեզմանն։ Իսկ հովիւներ գիտե՞ս ինչ արին, Թոռնիկ. կը խօսին թէ՝ հովիւներն էլ մէկ-մէկ մեծ ամանով կաթ բերին թափեցին Յակօյի գերեզմանին վերայ։ Ի՞նչ քաղցր եւ խորհրդաւոր է այս բան, մեծ տանուտէր Յակօ հովիւ, կաթ կերաւ, եւ երբ մեռաւ իւր գերեզմանն էլ կաթ ծծեց։

Ապրսամ որդին՝ մի մեծ խաչքար տնկեց իւր հօր գերեզմանին վերայ, որոյ վերայ գրուած է իւր բարի յիշատակ, կարդա, Թոռնիկ։

«Այս է տապան մեծ տանուտէր հովիւ Յակօյին, որ ինչպէս կտակ արած էր զինք՝ այս բլուրին վերայ թաղեցին, իւր