Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/163

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եւ ազդեցութիւն շատ զորաւոր մի գեղ է, չարերու ողին կամոքէ, եւ սրտի դառնութիւն կը փոխէ, երբ կը տեսնայ, որ իւր չարութեան դէմ բարիք կընդունի, եւ այդ բարիք կրակի պէս կը վառէ նորա ներքին խիղճն: Սորա համար Պօղոս կասէ, թէ «Այս անելով կրակի կայծեր կը թափես նորա ոլխուն վերայ». լաւագոյն միջոցն է այս, միշտ բարութեամբ չարին յաղթելը, բարութիւն ջուր է, որ կը շիջուցանէ բորբոքուած կրակ:

Բարերարութիւն ընկերսիրութեան եւ քրիստոնեական մարդասիրութեան մի կամաւոր պարտք է, որ մարդ իւր նեյթական կարողութենէն բաժին կը հանէ ժողովուրդի կարօտեալներուն, բայց սա չէ միայն, որով ժողովուրդ զինքն կը սիրէ եւ բարերար կը ճանչնայ, այլ բուն անձնական արժանիք եւ առաքինի կեանքն եւս բարերար մարդոյն փառք կը յաւելուն ժողովուրդին առաջ։ Ահաւասիկ, Թոռնիկ, կը դնեմ ձեր առաջ, թէ ի՛նչ են այդ հոգեկան առաքինութիւնք:

Հայրենի եկեղեցւոյ հաւատք, երկիւղած եւ անկեղծ Աստուածպաշտութիւն, հեզ եւ բարեհամբոյր բնաւորութիւն. սէր, որ իւր ընկեր անձին պէս հաւասար կը սիրէ, արդարութիւն, որ իւր եւ ընկերին բաժին հաւասար կը բաշխէ, բարի խղճմտանք, որ երբէք ընկերին վնաս կամ զրկանք չաներ. աւելի կը սիրէ զրկանք կրել, քան զրկել. ժողովրդասիրութեան ոգին, որ միշտ ժողովրդին բարին ու շահ կը մտածէ, զուարթամիտ առատաձեռնութիւն, որ շատ սիրելի է ժողովուրդին, մեծագործ ձեռնարկութիւնք, որ հասարակաց համար կը լինի, այսինքն եկեղեցի, դպրոց, հիւանդանոց, աղքատանոց, որբանոց, զանազան նուիրատուութիւնք, կտակ եւ այլն՝ ինչ որ ժողովուրդի կեանքին եւ յառաջդիմութեան համար պէտք են։

Հապա այն անձնուէր մշակներն, թէ եկեղեցական լինին թէ աշխարհական դասէն, երբ անձնատուր են ժողովուրդին համար, ոչինչ չը խնայել, ամեն բան զոհել եւ նոյն իսկ անձն ի ստիպել հարկին. էն ժամանակ ժողովուրդ չի բաւականանար միայն սիրել, այլ եւ պաշտել կուզէ իւր անձնուէր մշակներն։ Եթէ մեռնին եւս, չեն մոռցուիր, ժողովուրդ նոցա անունն տօնելով կը փառաւորէ եւ յիշատակին համար յաւէրժական արձան կը կանգնէ։

Ահա Թոռնիկ, այս է ժողովրդասիրութեան արդիւնք. աշխատիր այդ արդիւնք եւ փառք ձեռք բերել, որ մեռնելէն յետոյ