Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/187

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կենդանեաց բոլոր ազգը՝ զոյդ զոյգ իւր առաջ կեցած, կը հնազանդին իրեն համբոյր եւ ընտանի բնաւորութեամբ, թերեւս իննին մտախոհ լինելով պահ մը տխրեցաւ իր միայնութեանը վրայ. ու երանի տուաւ անբան կենդանեաց. որ զուգակից ընտանութեամբ քան զինքն երջանիկ էին: Մանաւանդ երբ կը տեսնար որ սոխակ իւր վարդն ունէր, տատրակ իւր ամուսին, արորիկ իւր սիրանուէր ընկերը. առաւել եւս վարանեցաւ բանաւոր մարդն Ադամ. եւ այն ինչ նորապսակ թագաւորի մը պէս թագ կապած կիշխէր՝ հրամայեց Տէր Ասաուած, որ ընդհանուր կենդանեաց աղգէն իւր ազատ ընտրութեամբ հաւանելով իրեն համար կենակից ընկեր՝ հարսն ու թագուհի ընտրէ, զոր եւ կամի:

Քանի՞ ծանր եւ դժուարին էր անզուգական մարդուն համար, որ նա խոնարհէր ու ստրկանար անբանաւոր կենդաննաց սեռէն իրեն ընկեր ընտրէր: Եւ միթէ Տէր Աստուած կը փորձէ՞ր զինքն տեսնել թէ՝ իւր բանաւոր նախապատիւ մարդն, որ տիրական պատկերով կը փայլէր, եւ պատուով ու փառքով բոլոր ձեռակերտաց վրայ իշխան կարգուած էր, կը ճանչնա՞յ իւր ազնուականութեան շնորհ ու մեծութիւն. եւ թէ կը զիջանի՞ հաւասարիլ անասնոց։

Մեծանձն եւ հանճարեղ էր մեր նախահայր. համայն կենդանեաց սեռին մէջ չգտաւ համեմատ ինչ, որ իւր պատուոյն ու ընկերութեան արժանի լինէր: Թող այս, երբ սահմանադիր արարչապետ բոլոր կենդանեաց սեռը զոյգ զոյգ ստեղծեր էր. զրկանք եւ յափշտակութիւն չէ՞ր արդեօք եթէ հաճէր Ադամ մինն առնուլ եւ միւսն թողուլ։ Նա կը տեսնար թէ սիրուն երգիչ էր սոխակ, եթէ զայն խլէր վարդի թփէն, անշուշտ վարդն կը թոռմէր ու կը մեռնէր. թէ տատրակն առնուր, նորա ամուսնասէր ընկերն այլեւս ամուսին չընտրելով՝ այնպէս միայնակ զոր հանապազ կը սգար ու կը հառաչէր։ Զո՞վ ընտրէր Ադամ, զօրաւոր առի՞ւծը, որ կենդանեաց թագաւոր էր եւ անտառ կը սիրէր. զարծի՞ւն, որ բարձրաթռիչ լինելով ձեռք չէր հասներ, կապիկն եւս դիմաց կեցած հտպտանքով կը խաղար ու կը շողոքորթէր, իբր եւ թէ ինքն մերձաւոր ազգակից է Մարդուն, զայդ եւս թողուք Ադամ, որ երթայ վերջի գարուն իւր բնագէտ ու իմաստակ զաւակներուն հետ ամուսնանայ. որք արհամարհելով մարդուն տիրական պատիւը, բանականութեան գերագոյն շնորհն. եւ դի¬