Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/189

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բայց աւա՜ղ, դրախտի ընտանեաց մէջ ուրիշ երկպառակիչ մարդ չմտաւ, զի դեռ չկար. միայն խորամանկ օձը կը նախանձէր երկու սիրելեաց երջանկութեան վերայ. ուստի նենգութեամբ խորհեցաւ երկու անփորձ ամուսինները ապերջանիկ վիճակի մէջ դնել. եւ դրախտին մէջ մահ բերելով, անեղծ մարդոյն անմահ կեանքը մեռուցանել։ Կեղծաւոր ու ստախօս կենդանին իւր պատերազմի ձեռնարկութեան գաղտնի յատակագիծը պատրաստելով՝ յարձակեցաւ նախ տկար կնոջ վերայ այն պահուն, երբ նա միայնակ էր ու առանց իւր մեծ թիկնապահին կը շրջէր. գիտութեան ծառին տակ իւր դարանը լարեց, կնոջ նորազգաց ցանկութիւնը գրգռեց դէպի գեղեցիկ պտուղը, գեղեցկովը՝ գեղեցիկը որսաց։ Նա քաջ մտաբերեց թէ երբ զկին խաբեմ հանեմ դրախտէն, անշուշտ Ադամ անոր ետեւէն կերթայ: Արարիչն այնպէտ պատուիրեց. կարելի չէ որ նա բաժնուի իւր կենակցէն. եւ թէ չերթայ եւս, դարձեալ ես կը շահիմ. զի ամուսնութիւն առանց աճման կը մնայ եւ Աստուծոյ օրհնութեան նպատակը ի գերել կը հանեմ։

Իմ օձն այսպէս յաղթանակեց. եւ իւր յաղթանակ տեւեց ցվեց հազար տարի. մինչեւ հասաւ Աստուածորդին, Խաչի ոտքի տակ ճմլեց դարանակալ օձը, եւ գոչեց՝ «Ո՞ւր է, մահ, խայթոց քո»:

Անխելամուտ մարդիկը դրախտի ընտանեաց եւ արդի Ադամարդւոց վիճակին վրայ կարեկցելով՝ զԱստուած կը դատեն, թէ նա խստութեամբ պատմեց իւր սիրելի ձեռակերտները, մահով եւ արիւնով գրեց նոցա վճռագիրը, փանաքի պտղոյն համար մահ սահմանեց. զոր իբրեւ ծաղր ու կատակ ի դէմս կը բերէր կոյր Յազկերտը՝ Հայոց նախարարաց առաջը։

Ափիբերան պէտք է լռէ աստ մարդոց կեղակարծ դատաստանը, զի անհուն անտակ է Աստուծոյ նախատեսութեան խորը, ով գիտէ, գերագոյն եւ բարերար դատաւորը՝ դրախտի յանցաւոր ընտանիքը պատմելով առաւել եւս բարերարեց, վասն զի մեր նախածնողք՝ Գիտութեան բարւոյ եւ չարի պտուղ ճաշակելէն յետոյ եթէ յաջողէին Կենաց ծառէն եւս ճաշակել, աներկբայ էր որ այնուհետև մեղաց մէջ անմահ կը մնային. որով իրենք եւ իրենց բոլոր սերունդները անիծեալ եւ տատանեալ կեանք պիտի վարէին աշխարհիս վերայ, եւ մահու ցանկանալով չգտնէին զայն։