Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/194

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ենովք նահապետ, որուն համար Սուրբ Հարց կարծիքն է, թէ նա ժուժկալութեան մ ջ գերազանցելով հաճոյացալ Աստուծոյ եւ իր անժուժկալ նախածնողաց պարտքը վճարեց լիովին։ Ուստի վերին նախախնամութիւնը փոխեց զինքն յերկնային Դբախտն, հանելով ամբարիշտ մարդոց կարգէն արդարոյն կեանքը. որպէս զի մարդկանց չարութիւնը նորա լուսաւոր վարքը չաղարտէ։

Սուրբ Գիրք՝ առաջին գարուն վերջի նահապետ եւ երկրորդին սկզբնահայր Նոյ վկայութեամբ կը հռչակէ, արդար ու կատարեալ կոչելով զինքն իւր ազգատոհմին մէջ։ Նոյին ժամանակը երկիրն ամբողջ ապականուած էր չարութեամբ. այլեւս չկարաց հանդուրժել Տէր Աստուած, ահաւոր աչքով գիտեց երկնքէ՝ երկրի ամբարշտութեան վերայ, մարդոց ապիրատ գործքերը չափեչով ասաց թէ «Ժամանակ ամենայն մարդոյ հասեալ է առաջի իմ», որով ցոյց կուտայ թէ առ հասարակ մարդկային ընտանիքը, հաւատք եւ Աստուծոյ ոգին մերժելով շաղախուած էին մարմնապաշտ մոլութեանց մէջ, երկնից արդարութիւնը պատուհաս ածելով պիտի ջնջէր ու բառնար իրենց կեանքը։ Ուստի Նոյ նահապետ եւ իր ընտանիքը միայն որոշելով ապականեալ մարդոց ընտանիքներէն, փակեց զինքն հրաշակերտն տապանին մէջ, ջրահեղձ առնելով կորոյս մարդկութեան սերունդը աշխարհիս երեսէն, միայնակ արդար Նահապետին տունը պահելով բաւական համարեց զայն, որ երկրորդ գարուն սկիզբն մարդկային նոր սեընդոց նախահայր անուանուեցալ։

Նոյայ տապանին նաւապետ Աստուածային տեսչութիւնն էր, որ վարելով զայն առանց ղեկի բերաւ հասոյց Այրարատայ լերանց վերայ Մասիսին բարձր գլուխ նաւահանգիստ կազմեց։ Ծովացեալ ջրհեղեղ կը ցամքի երկրիս երեսէն, ջրասոյգ կը ջնջուին նաեւ իսպառ մարդիկ եւ իրենց ամբարշտութեան գործքերը։

Սուրհանդակ Աղաւնին ձիթենին կանանչ ճըղիկ մի նշան բերելով կաւետէ թէ պատուհասի ձմեռն անցեր է, գարուն եկել աշխարհ։ Նոյ նահապետ իւր ողջ ընտանեոք տապանէն դուրս կելնէ, եւ կիջեւանի նախ նոյն Մասիսի կողերուն վերայ. յորում իւր վաղեմի ուխտին հաճոյական զոհ մատուցանելով կողոքէ զԱստուած ի հաշտութիւն։ Եւ ահա Ծիրանի գօտին կա-