Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/213

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բացառութիւնք, որով մարդն իւր ազատ կամաց իրաւամբ կամ ուխտիւ կամ ուրիշ արդարացի առիթներով՝ խոյս կուտայ ամուսնութենէն։

Ուստի երբ աշխարհիս մարդոց ամենամեծ մասն կը սիրեն եւ կը պատուեն ամուսնական կեանքը եւ կը խայտան իրենց նախահօր պէս երբ առընթեր տեսնան իրենց նախատիպ պատկերը. զորս Աստուած մենաւոր մարդոյն իբրեւ ընկեր, օգնական եւ զուգակից տուաւ: Առ այս վկայ է աշխարհիս ընդհանուր ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքն. թէ մարդիկ ընդհանրապէս կը ցանկան ամուսնանալ, որդիս ծնանել, ընտանիքը կազմել, միշտ կենդանի պահելով իրենց տան փառքն եւ տոհմական յիշատակն։

Իսկ արդ եթէ այս այսպէս է ինչպէս որ ճշմարիտ. այլ եւս ի՞նչ կան մարդոյն առաջ խափանարար առիթները։

Ընդարձակ մտքով եթէ քննենք, շատ բազմապատիկ են, որք առ հասարակ մարդոյն հնարած զեղծմունքներն են թէ ներքին եւ թէ արտաքին. որոց գլխաւորները թուեմ քեզ, դու ինքնին խելամուտ եղիր, եւ ահաւասիկ։ Սանձակոտոր ազատութիւն, անառակ կեանք, զեղխութեան պերճանք, չքաւորութիւն, ստրկութիւն, ծառայական վիճակ, պանդխտութիւն, քաղաքային օրէնք եւ երկրին հանգամանքները եւ այլն. որոց վերայ ես միայն համառօտ պիտի խօսիմ, մնացեալը կը թողում որ դու ինքնին ժողովուրդի կեանքին մէջ տեսնաս եւ իմաստասիրես։

Մեր ժամանակը վկայ է, թէ ինչպէս ոմանք սանձակոտոր ազատութեան մէջ ցանկասիրութեան ընդարձակ ասպարէզ գտնելով, այլ եւս հարկ չեն տեսնար համեստ կապուիլ. այլ առանց ուխտի եւ դաշին, առանց եկեղեցւոյ օրհնութեան, սուրբ եւ ողջախոհ առագաստէն դուրս ամենուրեք կգտնեն իրենց ցանկութեան կրից յագուրդ ու ճարակը. եւ այնուհետեւ մարդկային ամօթն համարելով՝ արձակ ու համարձակ վարիլ կուզեն աշխարհիս օրինակարգ ընկերութեան մէջ. որպէս թէ չը լինէին մարդոց համար պարտք եւ իրաւունք, չի լինէին ամօթ եւ պատուոյ զգացումն. մարդիկ մոլի սիրով ընկերանային առանց տիրապէս հայր ու մայր կոչուելու, եւ այն դժբախտ անծին կամ ծնած մանկիկները դատապարտուէին իրենց ապօրէն ու մեղապարտ ծնողաց պատճառաւ կամ արեւ տեսնալով չքանալ, եւ կամ իբրել անհայր անմայր անծանօթ որբերը՝ աշխարհիս հրա-