Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/219

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայկայ տան վերայ եւս կը յարմարի։ Կաղօթեմ ձեզ համար Հայոց գաղթական ընտանիքներ, բացուի ձեր զգաստութեան աչքը, դուք ներկայի մէջ տեսնաք այն կորստաբեր օրն, տեսնաք ու բարւոքէք ձեր ընտանեկան կեանքը։ Այս միայն կաղօթեմ ձեզ համար որդիք հայրենեաց, որ դուք ազատ մնաք այս աւերիչ զեղխութենէն, ձեր փառքն ու պերճանք թող լինին միայն հայրենեաց հողն ու դաշտ, ջուրն ու բիւրազան ծաղիկներ, եզնամոլը մաճն ու հարօր եւ շինականին անպաճոյճ խրճիթն։


Է.

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

ԵԻ

ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԿԵՆԱԿԻՑ ԱՄՈՒՍՆՈՅ

Ինչպէս տեսանք դրախտի ընտանեաց նկարագրին մէջ, որ Տէր Աստուած թոյլ տուաւ Ադամայ որ ինքնակամ ազատութեամբ ինքն իւր կենակից ընկերն ընտրէ եւ երբ նա ընդ այս դժկամակելով վարանեցաւ չգտնելով մի պատշաճագոյն ընկեր տարասեռ անասնոց կարգէն, յայնժամ խնամակալն Աստուած կինն ի կողէն ընտրելով՝ հարսնացոյց Ադամ փեսային հետ, որ իւր անդրանիկ ստեղծուած ամենասիրելի որդին էր։ Եւ ով պիտի լինէր Ադամայ համար հարսնընտիր հայր, երբ նա ամուսնական ծնողք չունէր, մի միայն իւր ծնող եւ հայր Արարչապետին խնամակալութիւնն էր։

Ուստի կենակից ամուսին եւ հարսն ընտրելու իրաւունքը՝ ամուսնացող փեսային անժխտելի իրաւունքն է, ինչպէս եւ հարսին անբռնադատ եւ յօժարամիտ հաւանութիւնն։ Վասն զի հարոցն ստրուկ չէ, այլ իբր եւ ազատ ընկեր իւր փեսային, նոյն հաւասար իրաւունքն ունի, որ իւր ազատակամ հաւանութիւնը նա եւս նուիրէ փեսային։ Որոյ գեղեցիկ օրինակը կը տեսնամք