Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/222

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծանք, գործունէութիւն եւ ազգին շահաբերութեան մի գիւտը։ Երբ ապիկար հովիւներս գաւազանին իրաւունքը մի կողմ դնելով՝ կը թոյլատրեմք, որ գործադրուին այդ զեղծումները, դու միթէ իրօք կը սրտմտի՞ս, ժողովուրդ հայոց։ Այո՛ պահ մի կը զայրանաս, կը բամբասես կղերը՝ ցոյց տալով թէ օրինաց շատ նախ անձաւոր ես, շուտ կանցնի քո այդ զայրոյթ, դու յետոյ կը մեղմանաս ու կը մոռնաս առջի դատաստանդ ու կը սկսիս զմեզ եւ մեր օրինազանցութիւնը գովել, թէ ժամանակի ազատութեան համեմատ վարուեցաւ, թէ ազգասիրութիւն գործեց, հոգ չէ թէ օրինաց ցանկը փոքր ինչ քանդուեցաւ, ազգին նիւթական շահն եւս նկատել պէտք է եւ այլն։ Թողունք այս դատաստանը ուրիշ անգամ տեսնալու, դառնանք ճառիս նպատակին վերայ։

Ամուսնական ընտրութեան երկրորդ պայմանն է համեմատութիւն երկուստեք կողման հանդամ անաց, համեմատութիւն հասակ առ հասակ, համեմատութիւն վիճակ առ վիճակ, համեմատել պէտք է նաեւ երկու ամուսիններու բարքն ու վարք, եւ երկու անմերձաւոր ընտանեաց կեանքն ու յարմարութիւնը։ Ամենայն զգուշութեամբ երկուստեք կողմէն նախապէս զուգակշռել պէտք է այս կարեւոր հանգամանքները ու այնպէս հաւանութիւն տալ իրարու։ Ապա թէ ոչ շատ անգամ ինչպէս յաճախ կը տեսնամք ընտանեկան կռիւներ, բաժանումներ, անհարմար ու անպատշաճ խնամութենէն յառաջ կուգան ու կը խանգարեն ընտանեկան հանդարտ ու խաղաղ վիճակը։ Այս դժուարին ապագայէն ազատելու համար, նոր խնամի եղող ընտանեաց պարտիքն է, որ չը մոռնան երբէք համեմատութեան չափն ու ճշդութիւնը, գիտնալով թէ բովանդակ տիեզերքը համեմատութեան չափով կը կառավարուի։ Որ չա՞փ անբնական է եւ մեծ խիղճ, երբ բռնութիւն կամ հրապոյր եւ կամ թէ շահ կը ջանան իրարու հետ պատուաստել երկու ամուսինները, որ մին դալար նորատունկ է եւ միւսն հինաւուրց հաստացեալ ծառ, որ աշնան մօտ է, իւր տերեւներ դեղնած պիտի թօթափին, բունը փտած է, եւ ստեղունք գօսանալ սկսած են։ Օրհնեալ լինին մեր եկեղեցւոյ սահմանադիր Հայրերը, որ օրինոք հաստատեր են կոյս ընդ կոյսի, այրին ընդ այրւոյ։ Ամուսնութեան այս համապատշաճ օրէնք դեռ մեր հայրենի գաւառներէն շատերը երկիւղածութեամբ կը պահեն։ Իսկ Պոլիս եւ ուրիշ ծովե-