Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/225

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րակութիւն պէտք է, առաւել եւս կրօնի երկիւղածութիւն եւ պատկառանաց շնորհը։

Թող չպարծի արդի աշխարհ թէ իւր ուսեալ եւ կրթեալ զաւակները Յակովբ նահապետի չափ ժուժկալութեան շնորհ ունին. որ եօթն տարի ամբողջ իւր նշանած ու սիրեցեալ Ռաքէլին համար հովուական ազատ կեանքով ժուժկալեց Խառանու արձակ դաշտերուն մէջ։ Այս պարզ հովուին սքանչելի ժուժկալութեան վերայ չգիտեմ արդի ազատավար երիտասարդութիւնը ի՞նչ դատաստան կընէ, կը զարմանա՞յ, թէ ծաղր կարձակէ որ Յակովբը ապուշ ու անզգայ մարդ եղեր է։

Իսկ մեր հայրենեաց այլ եւ այլ գաւառներու նախնական սովորութիւնք մանաւանդ քաղաքներու մէջ դժուարութեամբ կը թոյլատրեն այդ ազատ վարմունքը։ Բայց շինական կեանքի մէջ բնապէս եւ առ հարկի ազատ թողուած է թերեւս նահապետական դարէն ի վեր։ Վասն զի գեղերու փոքր վիճակ, դաշտային ազատավայր կեանք եւ աշխատութիւն միշտ կը ներեն, որ գիւղի աղջկունք բացերես խառն շրջին երիտասարդաց հետ. որոց համար գիւղական պարզ կեանք դաշտեր, լեռներ, աղբիւրներու գլուխները կը համարուին իբրեւ հասարակաց պարտէզ. ուր ընկերաբար կը վարին կը տեսնուին եւ կը խօսին. միայն թէ նշանուելէն յետոյ՝ կոյսն պարտաւոր է իւր պատկառանաց քօղով ծածկուիլ միշտ ի պատիւ փեսային. եւ միանգամայն ցոյց տալով թէ ինքն նուիրեալ է եւ այլ եւս ազատ չէ։

Բայց դարձեալ գիւղական պարզ ընտանեկան կեանքն եւս ազատ չէ պատահական զեղծմունքներէ. ուր մերթ ընդ մերթ առեւանգութիւնք կը լինին. որոց ըստ մեծի մասին պատճառը ծնողաց խստասիրտ յամառութիւնը եւ ընծայասիրութեան բաղձանքն է. որ շատ ու զանազան պարգեւները կը պահանջեն փեսային կողմէն. որով միայն կը զիջանին եւ կը հաւանին իրենց աղջիկը տալ։ Եւ երբ այս վատ սակարկութիւն չի յաքողի եւ միւս կողմէն երբ կոյսն ու երիտասարդը սրտիւ կապուած են իրարու հետը, անշուշտ սէրը կը յաղթահարէ եւ առեւանգող երիտասարդը մեղադրանաց արժանի է, այլ առաւել մեղապարտ կը համարուին աղջկան ծնողքը, որ իրեն ազատ զաւակը իբրեւ գերի ստրկաբար ի վաճառ կը հանեն ոտնահարելով մարդոյն եւ սիրոյն պատիւը. որոց թանգ եւ արժա֊