Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/241

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը շրջի ամենուրեք։ Հաւատարմութիւնը հաւասար է ամուսնական պարտուց եւ իրաւանց մէջ, եւ արդարութիւնը բողոք կը բառնայ, եթէ փեսայն ինքն եւս պահապան չլինի իւր անձին վերայ, չփակէ իւր աչքը հրապուրիչ օտար առարկայէն. եւ կրից ծարաւով չխմէ օտար աղբիւրին ջուրը, բաւ համարելով իւր սեփական աղբիւրը ինչպէս կը խրատէ Սողոմոնին առակը։ Ամուսնական հաւատարմութեան սուրբ պարտիքը ամենայն հաւատարմութեամբ պահելու համար բաւական չեն միայն աչք եւ հսկողութիւնը. այլ առաւել եւս լուսաւոր եւ մաքուր խիղճ, պատուոյ զգացումն, ապագային ամօթ եւ չարաղէտ հետեւանքն եւ այլն։

Եւ ի՞նչ են այդ ընտանեկան աղէտաբեր հետեւանքները. գնա՛ ի դատարանն եւ կը տեսնաս, զի այդ ամօթալի գործոց վախճանը մինչեւ հոն կը հասնին. որ երբ պատահին երկու ամուսնեաց մէջը՝ սէրն անդէն կը մեռնի, միութիւն կը քակուի, նախանձուն կրակը կը խանձէ սիրտ երբ, երկու ամուսինը իրարու դէմ անհաշտ ատելութեամբ կը վարին. եւ այնուհետել տես դու, ընտանեկան կագ ու կռիւ կսկսի, բողոք, դատաստան, մի զմիով անպատկառ չարախօսութիւն, եւ մերթ եւս չարաչար զրպարտութիւն, չխնայելով բնաւ ամուսնական պատուոյն, ամենայն ինչ մերկապարանոց հանելով, ընտանեկան քօղին տակ ծածկուած ամօթն եւ այլն։ Հուսկ ապա այս հետեւանքներով վախճանը կուգայ պատիժ, տոյժ եւ տան բաժանումն որով ընտանեկան քաղցր ու խաղաղ կեանքը թէ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս ապերջանիկ կը լինի, բաժանեալ ամուսնեաց պատիւն ու վարկը կազարտի ընկերութեան մէջ եւ եկեղեցւոյն առաջ։

Եթէ կան ամուսնական կեանքին մէջ ուրիշ շատ դառնահամ ճաշակները, զոր օրինակ աղքատութիւն, թշուառութիւն, զրկանք, զաւակաց կորուստ, եւ մերթ եւս նոցա, ստահակութիւն եւ աշխարհիս այլ եւ այլ պատահար ձախորդութիւնք եւ այլն, որք շատ անգամ ընտանիքները մոխրի վրայ կը նստեցնեն սակայն երբ ամուսնեաց սէր կենդանի է, քաղցր է, այդ ամէն դառնութիւնները կանուշացնէ, մոխրին կեանքը, դրախտ կը լինի, ապերջանկութիւնը՝ երջանկութիւն կը դառնայ։

Իսկ երբ մեռնի ու դառնանայ մտերիմ լծակիցներու սէրը՝ այնուհետեւ աշխարհ՛իս քաղցրութեան ամբողջ ճաշակները, եր-