Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/243

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կաւին համարձակ խաղալու. դու տեսար եւ կը տեսնաս թէ քանի՛ քանի՛ ընտանիքները այդ հրապուրիչ չուանէն վար ինկան ու ջախջախուեցան. որոց կորստական փորձը թող քեզ խրատ լինին։

Այլ դիտեմ, ու քաջ համոզուած եմ, դու միանցամ այդ չուանին վերայ ելար. աշխարհի խրատ եւ Աւետարան կարող չեն զքեզ վար իջուցանել. դու այդ ազատութեան խաղ պիտի շարունակես առանց դորա վտանգէն խուսափելու, եւ կ՛ասես թող տուէք զիս ազատ, ազատաբար խաղամ եւ խաղալով սորվիմ։

Առաքինութեան ասպարէզ ելած չես, որ թոյլատրէի եւ ներէի քեզ այդ, ոչ ոք կը հաւատայ թէ այդ օրինակի միջոցը զքեզ ազաաութեան մէջ կը կրթէ. թերեւս ասել կուզես, թողէք, որ մեծամեծ վնասներով եւ զոհերով խրատուիմ։

Աւա՜ղ, դեռ բաւական չե՞ս համարիր թէ անցելոյն եւ թէ ներկային մէջ Հայոց ընտանեկան զոհերը. աւելի ապահով, բարի, եւ բնական չէ՞, որ նախ բարւոք դաստիարակութեամբ կրթուիս. ազատութեան դժուարին արուեստին եւ իւր ամէն պայմաններուն մէջ քաջավարժ լինիս. եւ ապա վստահապէս ելնես այդ ազատութեան չուանին վերայ. յայնժամ ցոյց տաս աշխարհի առաջ թէ Հայոց ընտանիքն եւս գիտէ պարկեշտութեամբ ազատութեան խաղ խաղալ առանց կործանելու։


ժ.

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՊԱՐՏԻՔ

ԵԻ

ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱՌՆ ԵՒ ԿՆՈՋ

Տիեզերաց կարգադիր Արարիչը՝ բնութեան անյեղլի օրէնքով ինչպէս աշխարհիս ամէն բան կշռով ու չափով կարգադրեր ու հաստատեր է. նոյնպէս առն եւ կնոջ պարտիք եւ իրաւունք բաժներ է այն օրէն՝ երբ մարդն աշխարհիս վերայ ծնաւ։ Ոչ