Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/264

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խապէս՝ զայն միայն կարտադրէ դուրս նմանապէս թէ բարին եւ թէ չարը։

Մանուկ՝ մինչդեռ մանուկ է, չգիտէ որոշել չարն ու բարին. ինչ որ իւր ծնողաց բերնէն լսէ, եւ ինչ որ նոցա կեանքի մէջ օրինակով տեսնայ՝ զայն միշտ բարի կը կարծէ. եւ միթէ ծնողք իրենց որդւոց համար չարակա՞մ են, թէեւ իրենք չար լինին։ Առ այս կը խօսի Յիսուս իւր Աւետարանով. թէ «Դուք որ չարքդ էք, գիտէք պարգեւս բարիս տալ որդւոց ձերոց» եւ այլն։

Աւետարանին այս ակնարկութիւնը, որ երկնաւոր հօր եւ երկրաւոր ծնողաց բարիքները համեմատելով՝ ցոյց կուտայ թէ քանի՞ առաւեւ եւ գերագոյն են Երկնաւոր Հօր տուած բարիքները, եւ մի անգամ այն եւս ցոյց կուտայ թէ երկրաւոր ծնողք՝ միայն բարեաց մատակարար կը լինին այս առօրեայ կենաց մէջ. անցաւոր բարիքները եւեթ գիտեն պարգելել իրենց որգւոց. զոր օրինակ հարստութիւն, գանձ, հայրենի ժառանգութիւն եւ աշխարհիս այլեւայլ նիւթական բարիքները։

Մեծապէս կը սխալին ծնողք, եթէ այնպէս հաւատան, որ այս նիւթական բարիքները, առանց հոգեկան ու բարի դաստիարակութեան՝ մնայուն ու ճշմարիտ բարիք են որդւոց համար։ Ո՞չ, մեք փորձով կը տեսնամք աշխարհիս վերայ, որ հարուստ մեծատանը զաւակները, երբ առանց հիմնաւոր դաստիարակութեան հայրենի մեծագանձ փարթամութեան ժառանգորդ եղած են, եւ որոց կեանք ու վարքը պատմութիւնը շատ օրինակներով կը հանէ մեր առաջ, զոր կարդալով կը խելամտիմք, թէ այդպիսի անդաստիարակ ժառանգորդները վերջոյ չքաւորեր են. ազնուական ծնելով ստրուկ մեռեր են. եւ փոխանակ իրենց տոհմական անունը յարատեւ փառաց մէջ բարձր պահելու զայն ջնջեր են անարգութեամբ, անյիշատակ եւ անանուն գնացեր են աշխարհէս։

Ուստի յետամնաց զաւակներու համար, ստոյգ, հիմնական ու յարատեւող բարիքը՝ միայն ուղիղ դաստիարակութիւնն է. առանց այս ճշմարիտ պայմանին՝ Նոքա՝ ինչպէս կը խօսի Իմաստունն, ծնողական փտեալ արմատէն բուսած փուտ շառաւիղներ են։ Որք թէպէտ առ ժամանակ մի անպտուղ ծաղիկներով կը ծաղկազարդին, եւ այնպէս կը կարծեն մարդիկ աչքա-