Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/266

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կայ որ հայրենի տան ճրագ մշտավառ կը մնայ, եւ ընտանեկան առհասարակ բարեկեցիկ կեանք կը վարեն։

Սակայն գո՜նէ գրենք փոքր ի շատէ, թէ ընտանեկան կենաց մէջ ի՞նչ եւ ո՞րչափ են ծնողաց կրթական դասերը, եւ կամ բարի եւ ուղիղ դաստիարակութեան պայմանները։

Ծնողական դաստիարակութեան մէջ առաջին մեծ դաս եւ առաջին մեծ գիտութիւնը կրօն եւ Աստուածպաշտութիւնն է. եւ սորա միակ դասագիրքն է Աստուածաշունչ մատեանը, թէպէտ բարձր եւ վսեմ գաղափարներ են Աստուածպաշտութեան գաղափարները. մանուկները կարող չեն ըստ արժանւոյն ըմբռնել զայն. ինչպէս արդի դաստիարակ մատենագիրներէն ոմանք փորձառապէս կը դիտեն՝ թէ խիստ ապաժամ է մանուկներու անզօր միտքը դէպ ի երկինք հանել, որ դեռ իւր շրջապատ եղած երկրի բաները չգիտէ։

Ես կընդունիմ այս կարծիքը, այլ ես չեմ խօսիր աստ այն դասերուն համար՝ զոր դպրոցի ուսմանց կարգին հետ կաւանդեն կրօնուսոյց դասախօսները. ես կը խօսիմ կրօնի նախակրթութեան վերայ, որ դաստիարակութեան շէնքին առաջին հիմնաքարն է, եւ զոր պէտք է միայն ծնողաց ձեռքը այդ երկնից արքայութեան հիմնաքարը ձգէ ու հաստատէ մանուկներու սրտին մէջ։ Չեմ խօսիր նաեւ, որ ծնողք իբրեւ աստուածաբան վարդապետ ճառեն կրօնի բարձրութեան վերայ։ Ո՛չ, ծնողաց դասերը շատ պարզ ու բնական են. մանուկ երկինքը եւ աստղերը տեսնելով՝ զաներեւոյթ Աստուած կըմբռնէ. նա երկիր, ծառեր ու ծաղիկները տեսնելով հետաքրքիր կը լինի, կը հարցնէ գիտնալ կուզէ թէ ո՛վ է երկնի եւ երկրի զարդարող Արարիչը։ Մանուկ շատ անգամ իւր սրաբիբ աչքերր տիեզերքին վերայ ածելով՝ ինքնին գիտես թէ ուշադիր կը լինի եւ իմանալ կուզէ ի՞նչ է արել, ի՞նչ է լուսին, ի՞նչ են աստղերը եւ ի՞նչ է աշխարհ, ծովն ու ցամաքը։

Մանուկ իւր այս հարցաբանութեան մէջ փաստ չի խնդրեր ծնողաց դասերուն, թէեւ սխալ լինի՝ նա ուղիղ եւ կատարելապէս կը հաւատայ, բաւական է, որ ծնողք ձանձրոյթ չը զգան, այլ երկայնամիտ ոգւով պատասխանեն ինչ որ մանուկը կը հարցանէ։

Կրօնի եւ Աստուածպաշտութեան դասերը՝ դժուարին եւ անըմբռնելի դասեր չեն. մանուկներ եւ պարզամիտները հաւատով