Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/271

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ով կակնկալէ, որ որդիքն՝ որը պարկեշտ ու համեստ լինին. եթէ անգործ, անաշխատասէր են, ով չգիտեր որ զաւակները աւելի եւս անհոգ դատարկաշրջիկ կը լինին եւն։

Ահա սպսպէս ծնողաց յոռի կեանքը՝ զաւակներուն կը թափանցի իբրեւ ժառանգութեան ախտ, նոյնպէս բարի ծնողաց առաջինի կեանք ժառանգութիւն կը մնայ որդւոց յորդիս, որով թէ ընտանեաց եւ թէ ազգին ու ժողովուրդին համար բարի զաւակները կը պատրաստեն եւ ճշմարիտ հայր ու մայր եւ բարի դաստիարակ կը հանդիսանան աշխարհիս վերայ, որոց յիշատակը միշտ օրհնութեամբ լի է։

ԺԳ.

ԶԱԻԱԿԱՑ ՊԱՐՏԻՔ

ԱՌ ԾՆՈՂՍ

Մանուկ կաթնկեր, որ թէպէտ նա դեռ իմացականութիւն չունի. բայց բնազդեցիկ բերմամբ մօր գրկին մէջ առաջին անգամ կզգայ եւ կը ճանչնայ սէր։ Մանուկը, եթէ չեմ սխալիր, մօր միջնորդութեամբ եւ վկայութեամբ կը ճանչնայ նաեւ իւր հայր. եւ ահա սոյն ճանաչման մէջ կը ծնի ծնողասիրութեան զգացումն եւ որչափ ինքն կաճի ու կը զարգանայ, պէտք է այնչափ մեծնան իւր սրտին մէջ ծնողասիրութեան պարտիքը:

Եւ ի՞նչ են այս պարտիքները. ահա մի առ մի բացատրեմ քեզ։ Բնական եւ Աստուածային պարտիք է նախ եւ առաջ ճանչնալ, թէ իւր կենաց եւ գոյութեան պատճառը իւր ծնողքն են, եթէ չլինէին ծնողք, ինքն այս աշխարհիս վերայ ոչ լոյս պիտի տեսնար, ոչ արեւ, եւ ոչ մարդ պիտի կոչուէր, եւ կամ մարդկային ընկերութեան կարգ խառնուէր. այլ պիտի մնար չգոյութեան մէջ անծնունդ եւ անանուն։

Այո՛, զաւակաց պարտիքն է ճանաչել զծնողս, եւ ծնողական ծայրագոյն սէր չափել պէտք է, թէ չկայ աշխարհիս վերայ ուրիշ ոք, ոչ եղբայր, ոչ քոյր, ոչ բարեկամ, ոչ ազգական եւ ոչ իսկ ամուսին, որ զինքն այնչափ գորովով սիրէ ու խան¬