Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/282

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կատար անձի մի կաւանդէ, որ յետ իւր մահուն կատարեն իւր կտակը՝ աննենգ եա անվրէպ հաւատարմութեամբ։ Կտակակատար անձն շատ անգամ եւս իւր կտակը ինքնին ձեռօք կը կատարէ ի կենդանութեան եւ կամ կը փոփոխէ զայն։ Նա անբռնադատ է այո իրաւանց մէջ, զի կտակը միայն իւր ազատ կամքէն կախումն ունի։ Բայց ինչպէս կը վկայէ Պօղոս Առաքեալը՝ Կտակ յետ մահուան հաստատուն է, զոր եւ ոչ աշխարհիս թագաւորաց բուռն հրամանը կարող է խախտել զայն կամ ըստ կամս փոփոխել։

Թէ Սուրբ Գրոց եւ թէ Ազգային պատմութեանց մէջ նկատելով կը տեսնամք, որ կտակը երկու կերպ աւանդուած էր կամ իբրեւ բարոյական պատուէր եւ կամ նիւթական նուէր։ Նիւթականին օրինակները շատ կը տեսնամք մեր վաղեմի եւ արդի յիշատակարանաց մէջ, որ բազմաթիւ աստուածապաշտ անձինք թէ արք եւ թէ կանայք, իրենց սեպհական կալուածներէն կամ հարստութեան գանձէն կտակելով նուիրած են Եկեղեցեաց, վանորէից շինութեան եւ յարատեւ պայծառութեան՝ որոց առ հասարակ տէր եւ ժառանգորդ եղեր է ժողովուրդը առանց վաստակելոյ։ Եթէ հետազօտեմք մեր նախնեաց ձեռագիր յիշատակարաններ, բազմաթիւ վանորէից ու տաճարաց արձանագրութիւնք պիտի գտնեմք, որ դոքա մեծ մասն՝ կտակաց շնորհիւ հաստատուած են առանձին առանձին իշխանաւոր ու հարուստ ընտանեաց ձեռքով։ Ով չի հաւատար որ Անւոյ հազար եւ մէկ Եկեղեցիք կտակաց ու յիշատակտուաց օժանդակութեամբ կառուցուած են, որոց անունները դեռ կը նշմարուին աւերակ ու կիսակործան տաճարներու վրայ։ Եւ ոմանք տեսնելով կը զարմանան ու այսպէս կը դատեն թէ Հայոց ճոխութիւն եւ երկրի գանձերը՝ վանքերու եւ հոյակապ տաճարներու շինութեան համար սպառած են։

Իսկ բարոյական կտակ ու պատուէրը, որ խառն է օրհնութեամբ ու դառն անիծիւք, այդ եւս սքանչելի կերպով կը տեսնամք Սուրբ Գրոց մէջ։

Աբրահամ նահապետ իւր վախճանին մօտ կասկածելով թէ գուցէ կանուխ մեռնելով՝ Իսահակ որդին մոռնայ հայրենի տան ազգակցութիւնը, պանդուխտ երկրի մէջ օտար ընտանեաց հետ ամուսնանայ, կը կոչէ իւր հաւատարիմ ծառայն եւ կտակաւ կը պատուիրէ որ Քանանացւոց երկրէն չընտրէ ամուսին