Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/283

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Իսահակայ որդւոյն համար, եւ ուխտիւ երդում կառնու իրմէն չդրժել այս կտակին դէմ։ Նոյնպէս Իսահակ Աբրահամէն ուսեալ Նոյն կտակաւ կը պատուիրէր Յակովբայ, Քանանացւոց երկրի աղջիկներէն չառնուլ, այլ միայն իւր մօրհնական տան ազգակցութենէն ընտրել իւր ամուսին։ Յովսէփ նահապետին կտակը շատ նշանաւոր էր, որ ցանկութեամբ կը խնդրէր ու կըսէր. թէ «Երբ Տէր Աստուած այցելութեամբ կը հանէ Իսրայէլի տան ժողովուրդը Եգիպտոսէն, հանէք եւ դուք իմ ոսկորներս այն երկրէն եւ տարէք ամփոփեցէք իմ հարց շիրիմներուն ծոցը»։

Նահապետաց կտակէն յետոյ առաւել մեծ եւ նշանաւոր էր Մովսիսին կտակը, որ իւր վախճանին մօտ բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին կաւանդէր, որ էր մի միայն Աստուծոյ օրէնք եւ պատուէրները, զորս կրկնելով կաւանդէր Յակովբայ տան ու ընտանեաց. երկնից օրհնութիւն կը օրինապահ որդւոց գլխոյն, իսկ անէծք եւ նզովք կը սպառնար նոցա, որ ստունգանալով պատուիրազանց կը լինին։

Այլ մեր գթած Յիսուսի կտակը լի էր ամենազեղուն օրհնութեամբ. զոր վերջին ընթրեաց իրիկուն կաւանդէր իւր սիրելի խմբին եւ բոլոր հաւատացելոց. նորա սուրբ կտակը սէրն էր, զոր միշտ կրկնելով կաւանդէր, եւ կտակագիրն Աւետաբանն էր։

Այս կտակագիրը թողուց Յիսուս. չէ թէ մի ընտանեաց կամ մի ազգի համար, ինչպէս Մովսէս, այլ համայն Եկեղեցւոյ ընտանեաց կաւանդէ իւր հայրապատուէր կտակը, որ լի ու լի պատարուն է երկնատուր օրհնութեամբ. զի նորա սուրբ եւ անդրժելի կտակապատուէրը իւր աւանդած հաւատքն է, ընկերսիրութիւնն է, համատարած խաղաղութիւնն է, կարեկից համբերութիւնն է, թողութիւն եւ ներողութիւնն է։ Եթէ մահկանացու մարդոց կտակ յետ մահուան այնչափ հաստատուն է, որչափ անմահ Աստուածորդւոյն կտակը, որ խաչին արիւնով եւ նոր յաւիտենական ուխտիւ կնքուած է։

Ուստի թէ Մովսէս, թէ Յիսուս, թէ Առաքեալք եւ թէ Եկեղեցւոյ սուրբ Հարք, ինչ որ աւանդեր են, պարտաւոր կը մնան Եկեղեցւոյ ընտանիքը եթէ զայնս անեղծ եւ հաստատուն չը պահեն։

Շողունք այս բարոյական կտակը, որ մեր մասնաւոր առարկայէն բարձր է, խօսինք դարձեալ նիւթականին վերայ, որ