Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/284

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

աշխարհիս բախտաւոր եւ հարուստ ընտանեաց համար մի անհրաժեշտ պարտիք է։

Մարդ, թէ այր եւ թէ կին, երբ յիշէ իւր օրահաս վախճանը եւ մտաբերէ թէ՝ ինքն մահկանացու է եւ պիտի մեռնի ու թողու այս աշխարհս, ընտանիք, սիրելիք, գանձ, հարստութիւն եւ շատ կալուածները. իմաստուն եւ արդար տնտես է այն մարդը, եթէ ցանկայ իւր մահուան եւ գերեզմանին մէջ եւս ապրիլ: Եւ ի՞նչպէս, կտակաւ եւ բարի յիշատակով, այսինքն իւր սեպհական հարստութենէն մի բաժին հանէ ազգին. բաժին հանէ աղքատ ընտանեաց առանց երբէք զրկելոյ իւր տան ընտանիքը։ Երջանիկ կը լինէր ազգը, երջանիկ կը լինէր մեր հայրենիքը, եթէ ազգին մէջ գտնուած իւրաքանչիւր գանձատէր անձինքը՝ առանց կտակի եւ յիշատակի չմեռնէին։

Սակայն շատ բուռն է մարդկանց մոլեկան ագահութիւնը, որ մարդոց սիրտ եւ հոգին կը կապէ մինչեւ վերջին շունչ. նա հոգին տալու կը յօժարի, քան թէ գանձ ու ստացուածք. նա իւր անդին հոգւոյն փրկանաց համար երբէք չի հաճիր դուզնաքեայ գանձ փոխարինել. թէեւ հնար լինէր հոգին անդրէն վերադարձնել։ Ուստի ագահ մարդոց կտակը եւ անյագ տենչն այն է, որ իւր գանձը իւր հետ ի գերեզման տանի ու թաղէ։ Եւ ճշմարիտ է այս, ապա թէ ոչ ի՞նչ է պատճառ, որ աշխարհիս ագահները շատ անգամ իրենց գանձերը հողին տակ անյայտ կը թաղեն. ուր կը թաղեն նաեւ իրենց քարաժեռ սիրտը, ինչպէս կը վկայէ սրտագէտ Յիսուս թէ. «Ուր գանձք ձեր են, անդ եւ սիրտք ձեր եղիցին»։

Ոչինչ զանազանութիւն չունին ագահէն նաեւ այնպիսի մարդիկ, որ չափազանց ընտանեսէր լինելով վաղուան եւ ապագային համար հեթանոսաբար կը հոգան. իրենց ամէն ջանք ու վաստակը միայն իրենց գերդաստանին համար կը պատրաստեն. նոցա համար բնաւ փոյթ չէ ընկերսիրութեան պարտիք եւ կամ ազգին կարօտ ընտանիք։ Եկեղեցի, դպրոց, կտակ եւ յիշատակ, այս ամէն՝ նոցա եւ այնպիսեաց մտքէն հանուած է։ Նոքա նախախնամութեան չեն հաւատար եւ կուրանան երկնից Հօր խնամքը, որ ճնճղկան բունի ընտանիքը չի մոռնար, այնպիսիք որ թէպէտ իրենց ժլատութեան ձեռք մինչեւ ի գերեզման կը կծկեն, բայց ի պատիժ նոցա՝ ժառանգորդ ընտանիքը ամենայն շռայլութեամբ կը բանան իրենց ձեռքը ու անխնայ կը վատնեն