Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/297

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

զինքն այն հին պատկառանաց բանտին մէջ կապել ձեռքն ու ոտքերը եւ իսպառ փակել նորա դէմ ազատութեան դուռը:

Այդ դարմանը, զոր դու կը խորհիս անհնարին եւ անօգուտ է այսուհետեւ. դու կարող չես աշխարհի եւ ժամանակի անիւները դէպի յետս դարձնել անդրէն, որք անդիմադրելի ուժով դէպ յառաջ կերթան։ Մանաւանդ Եւրոպիոյ հոսանքները որ մէկ բաղխելով քո հին բանտերը եւ շղթաները առ հասարակ կը խորտակեն։

Ուրեմն մի ճար, մի դարման միայն կը մնայ քեզ եւ այս է. կնոջ հոգին ու միտքը տիրապէս կրթել ուղիղ դաստիարակութեամբ, թող այնուհետեւ նա ինքնին իւր կիրք, իւր հաճոյք եւ իւր ազատութիւնը չափաւորէ, ինքնին զգալով ու ճանաչելով իւր մոլորամիտ շաւիղը։ Աշխարհիս բոլոր ողջամիտ իմաստասէրներ, բարոյախօս բժիշկները՝ կնոջ հիւանդութեան համար միակ դարման ու դեղ այս կը վարդապետեն։

Ո՛վ դուք դաստիարակը Հայոց, որ թերեւս աւելի քան զիս կը ճանաչէք Հայոց ընտանեկան կեանքն ու վիճակը, թէ ինչպէս հին պատկառանաց մէջ նա առողջ էր, նոր ազատութեան մէջ հիւանդացաւ. եթէ կայ եւ գիտէք ուրիշ դեղ ու ճարը՝ հոգացէք ու գրեցէք այս հիւանդին համար, թող կարդան խելաբերին ամէն ընտանեաց հայրերը, որ յուսախաբ եղած՝ դարման դարման կաղաղակեն։


ԺԸ.

ՓՈՓՈխՈՒԹԻՒՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՎԻՃԱԿԵՆ

ԱՆԿՈՒՄՆ ԵԻ ԲԱՐԴԱՑՈՒՄՆ

Այս աշխարհի վերայ մարդոց ընտանեկան վիճակը միշտ անստոյգ եւ անհաստատ է. եւ այնչափ վիճակէ ի վիճակ կը փոփոխի ինչպէս տարերաց շարունակող եղանակները։ Շատ