Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/300

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վայելել։ Եւ գիտէք թէ քանի՞ ծանր գնով կը գնեմք առանց երբեք հոգալու մեր օրական պարէնն։ Միթէ ես չեմ ճանաչեր ու տեսնար այն բազմաթիւ ընտանիքներ որք իրենց տղոց բերնէն հաց կտրելով՝ նախ նորասիրութեան չպէտ պէտքերը կը հոգան. ես չե՞մ ճանաչեր ընտանիք անպատուող, այն անհոգ հայրերը, որ պարտքը չվճարելով վարկն ու պատիւ կը կորուսանեն, եւ փոխանակ ընտանեկան ցանկութիւն զսպելու եւ չափաւորելու իրենք եւս նոյն ցանկութեան հոսանքէն մղուելով կերթան կը հասնին մինչեւ չայն կէտ, ուր յուսահատ չքաւորութիւնն կը տիրէ։ Երանի՜ թէ այդ զգալի փորձով ուշաբերէր պճնասէր ընտանիքը եւ այնուհետել գիտնար չափաւորել իւր կեանք եւ ունայնասէր ցանկութիւնը։

Նորասիրութեան ցանկութեան հետը կցենք նաեւ մեծածախ շինութեանց ցանկութիւն եւ թանկագին կահ կարասեաց կազմութիւնը։ Մեք պիտեմք թէ թագաւորին՝ պալատ պէտք է, իշխանին՝ ապարանք, քաղաքացի ժողովուրդին՝ չափաւոր տուն եւ դաշտաբնակ շինականին՝ խրճիթը։ Մենք տեսանք ու տակաւին կը տեսնամք մեր ազգին մէջ այն կարգի ընտանիքը՝ որոնց դրամագլուխը միայն իրենց կեանք եւ ապրուստը կերաշխաւորէր թէ արհեստի եւ թէ շահավաճառութեան մէջ։ Անմիտ սնափառութիւն չէ՞ արդեօք, երբ այդպիսիները անխորհուրդ ձեռնարկութեամբ իրենց դրամագլուխը՝ տան շինութեան եւ կահ կարասեաց համար կը վատնեն, որով շահու եւ վաստակի աղբիւրը նուազիլ կսկսի. յայնժամ տրտունջ կը բառնան այդ տնաշէն տնտեսները, թէ մեր ժամանակ դառն ու անյաջող է, թէ վաստակ չկայ, թէ տուրեւառ դադրած է, թէ անցեալը շատ լաւ էր քան թէ ներկայն։ Բայց հուսկ ուրեմն նա կը զղջայ ու կը խոստովանի եւ ինքնադատ լինելով իւր անմտութեան վերայ կողբայ, որ ցուցամոլ պերճութեան համար դրամագլուխ փճացուց։ Եւ ի՞նչ կընէ յետոյ հոյակապ տան փառասէր բնակիչը, երբ կը տեսնայ որ արտաքուստ ընկերութեան մէջ իւր վարկ ու պատիւ պակսած է, եւ ի ներքուստ մեծաշէն տան սեղանին հացը նուազած. եւ մի կողմէն եւս անհոգ ընտանեաց նորասիրութեան անյագ ցանկութիւն երբեք պակսած չէ. եւ կուգայ արագ կը հասնի այն դժպատեհ ժամն, որ տան տէրն՝ իւր ձեռաշէն տունը ի վաճառ հանէ, եւ կէս գին վաճառելով՝ վճարէ իւր դիզուած պարտքերը, եւ երանի՜ թէ մնար դուզնաքեայ մասն