Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/310

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երեքտասաներորդ գլխով կաւարտէ Սիրաք իւր դասերը, եւ իբրեւ աներկմիտ հաւատացեալ ոգեւորուելով կը խօսի Աւետարանի քարոզած ընկերսիրութեան վերայ, առակով եւ օրինակով ցոյց կուտայ թէ մարդոյն ազատ եւ երջանիկ կեանք՝ ընկերսիրութեան մէջն է. ցոյց կուտայ թէ աշխարհիս վերայ տիրող թշուառութեան միայնակ դեղն ու դարման՛ ընկերսիրութիւն է. ցոյց կուտայ նաեւ թէ առանց Աւետարանի ճշմարիտ ընկերսիրութեան որչափ ճգնի քաղաքակրթութիւն՝ կարող չէ մարդոյն ապերջանիկ կեանքը բարւոքել, կամ նորա խռոված ոգւոյն խաղաղութիւն տալ:

Սիրաք, որ Աւետարանին սիրահարն է, միւս դասերուն վերայ իբրեւ գլուխ եւ պսակ հիւսելով կաւանդէ իւր սիրական Սամուէլին, որպէս զի Աւետարանի ընկերսիրութեան դասերն իւր բոլոր կենաց մէջ հոգւով եւ ճշմարտութեամբ ընդունի:

Ահաւասիկ այսչափով բովանդակեցի Սիրաքայ բարի Հօր կրթական դասեր, սիրով կարդացէք, խելամտելով ի միտ առէք, ո՛վ դու Հայոց ժողովուրդ, Հայոց հայրեր, Հայոց դաստիարակներ եւ Հայոց զարգացեալ որդիքներ:

Առհասարակ ձեզ համար գրեցի աւս պիտանի դասեր, դուր եւս Սիրաքայ հօր բարի օրինակին հետեւելով աւանդեցէք ձեր որդիներուն. աւանդեցէք ձեր աշակերտներուն. վասն զի զարգացեալ նոր սերունդին համար՝ աշխարհի գիտութիւն եւ մեր ընկերական կենաց դասերն՝ ամենակարեւոր գիտութիւն եւ հմտութիւնն են:

Սոսկ դպրոցական ուսումներ բաւական չեն Հայոց զարգացեալ պատանիներով համար, որ նոր կը թեւակոխեն աշխարհի կենաց շրջանին մէջ. այլ պէտք է զի նոքա Սամաէլի նման ականջ դնելով միշտ բաբեխրատ լինին ու յառաջդիմեն դէպի լաւագոյն կեանք. որու միջոցը մի միայն ուղիղ դաստիարակութեան ձեռքն է, որ կուղղէ եւ կը վարէ զիրենք:

Սիրաքն այդ կրթական ձեռք յօրինեց եւ կատայ Հայոց հայրերուն ձեռքը. թէ սիրաբար ընդունիք, ո՛վ դաստիարակ Հայրեր, Սիրաքայ տքնող ձեռքն ու գրիչ այլ եւս պիտի շարունակէ իւր բարոյախօս դասեր: