Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/312

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մուտ լինիսէ թէ ի՞նչպէս կը կառավարուի աշխարհ եւ մարդկային ընկերութիւն։

Եթէ ի բնէ եւ ի մօրէ կոյր ծնէիր, ես այս դասերը չէի աւանդեր քեզ. վասն զի առանց աչքի լուսոյ այս աշխարհ եւ բովանդակ տիեզերք տեսնելու անհնարին կը լինէր, որ ես աշխարհի դասերն աւանդէի քեզ. անհնարին կը լինէր Նաեւ, որ դու միայն մտքի լուսով կարող լինէիր գաղափարել աշխարհիս իրար գիտութիւնը։ Սորա համար կաղաղակէր Յիսուսին՝ մի կոյր, «Տէ՛ր, խնդրեմ զի բացայց»։ Դժբախտ կոյր աչքի լոյս կը խնդրէր, յայտ է թէ աշխարհ եւ կենդանի կեանք տեսնալու համար էր։ Նա իւր կուրութեան մէջ թշուառ էր, ոչ ինչ չէր տեսնար եւ ոչինչ չէր զգար, ոչ երկինք կը տեսնար լուսագունդ աստղերով, եւ ոչ երկրագունդ կը տեսնար ծառերով, ծաղիկներով, որպէս զի վայելէր եւ փառք տար իւր ստեղծողին եւ օրհնէր աշխտրհի Արարիչը։

Իսկ դու, բարեբախտ որդեակ իմ, որ աչքի լուսով ծներ ես, բիւրանգամ ծունր դիր եւ փառք տուր քո բարերար Ստեղծողին։ Շնորհապարտ եղիր նաեւ քո ծնողին, որ կաշխատի լոյս տալ ու բանալ մտքիդ աչքը, որպէս զի դու երկու լուսով տեսնաս աշխարհ։ Մարդիկ կան, որ կը շրջին աշխարհիս վերայ, կը տեսնան որ չեն տեսնար. այս մարդիկ մտաւորական լոյսէն զուրկ են, միայն աշխարհի արտաքին երեսն իբրեւ ստուեր կը տեսնան, եւ չը գիտեն աշխարհի ներքին կեանք. բնական եւ բարոյական օրէնքներ, վարիչներ եւ շարժման զօրութիւններ եւ այլն։

Ջանադիր եղիր, որդեակ իմ, որ մտաւորական լոյսդ պայծառ լինի, եւ որչափ պայծառանալ մտքիդ լոյս՝ այնչափ պայծառ ու պարզ կը տեսնաս աշխարհ եւ աշխարհի բաները, դու ստուերի նման չես անցեր աշխարհէս եւ աշխարհս ստուերի նման չես տեսնար. այլ տիրապէս կը տեսնաս թէ ի՞նչ է մահկանացու մարդոյն կոչումն աշխարհիս վերայ, եւ ի՞նչ է նորա գործ, վախճան ու նպատակ իւր կենաք մէջ։

Մարդոյն կոչումն եւ գործ շատ մեծ է աշխարհի վերայ։ Աստուած կը ներշնչէ եւ Մովսէս կը պատմէ, թէ մարդ իւր Արարչապետին տիրական պատկերն զգեցած է. եւ ի՞նչ է այս պատկերին նմանութեան կնիքն.— անմահ հոգին, եւ բնաւորութիւն, որով մարդն կը զանազանի բոլոր ստեղծական արարած-