Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/32

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցորենի խուրձ գլխուն դրած անուշ կը քնանայ բացօթեայ դաշտին մէջ եւ իւր անկողինը իւր մշակած կակուղ հողն է։ Թէպէտ սրտանց եւ աշխատութեանց մէջ մեծ զանազանութիւններ կան. հողագործ մշակ արեւուն տակ դաշտին վերայ իւր քրտինք կը թափէ, ո՜վ քանի՞ դառն, քանի՞ դժուարին աշխատութիւն է այն գործաւորաց համար, որ հինգ հարիւր կանգուն երկրի խորութեան մէջ, անլոյս անարել տաժանելի աշխատութեամբ քարածուխ կը հանեն, որպէս զի շոգենաւեր, շոգեկառքեր եւ բովանդակ մեքենական գործարանները բանին անդադար։

Մեր դաշտերու ազատ մշակներ հազար անգամ երջանիկ են անոնցմէն, որ մարդերու վերայ կը շրջին, հովտաց ծաղիկներու վերայ կը ճեմեն, եւ պաղ աղբիւրի գլուխ նստած՝ իւրետնց հաց կուտեն. փառք տուր Աստուծոյ Թոռնիկ, որ նոյն բախտն ունես եւ քո աշխատութիւն շատ քաղցր եւ անուշ է։

Այսպէս, աշխարհիս վերայ ամէն կարգի եւ աստիճանի մարդիկ թէ առաւել թէ նուազ քրտինք թափելու դատապարտուած են, որով Աատուածային սահմանած վճիռը անվրէպ կը տարածուի բոլոր մարդկութեան վերայ, այն է «քրտամբք երեսաց քոց կերիցես զհաց քո»։ Այսպէս մարդիկ արեւուն տակ, երկրի խորութեան տակ, ցամաքի վերայ, ծովերուն վերայ տաժանելի աշխատութեամբ իւրաքանչիւր մարդ թէ՛ իւր եւ թէ ի՛ւր ընտանեաց օրապահիկ հաց պիտի հայթայթէ։ Սորա համար կը խօսի իմաստուն Սօղոմոն «Ամենայն ջանք մարդոյ ի բերան»։ Արդար է այն մարդ, որ միայն իւր քրտանց հացով կապրի. անիրալ է այն մարդ, որ առանց աշխատութեան ուրիշի քրտանց հաց կուտէ լի զրկանքներով, եւ ո՞վ կարող է չափել այն բազմադիմի զրկանքներ, որ կը լինին արեւուն տակ աշխարհիս վերայ եւ զրկեալներուն դասը ամենամեծ մասն կը կազմէ։

Եւ գիտես դու Թոռնիձկ, այն որ գիր չգիտէ, կարդալ չը գիտէ, ուսումն չունի, անկիրթ է, ռամիկ է. մէկ խօսքով տգէտ է. նորա կեանք միշտ թշուառ է աշխարհիս վերայ եւ տգէտ մարդոյն ճակատագիրն է միշտ զրկանք կրել, եւ նոյն իսկ տգիտութիւն ամենամեծ զրկանք է տգէտ մարդոյն համար։ Թէպէտ երբեմն եւս ուսեալ եւ կրթեալ մարդ, հարուստ եւ զօրաւոր տգէտին ձեռքէն զրկանքներ կը կրէ։ Եւ դու մի զարմանար, զի մարդոյն ընկերական կեանքին մէջ շատ հակառակ եւ հակասական բաներ կան, զոր տեսնելով կը տարակուսիմք եւ մերթ եւս