Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/323

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րէնքին տակն են։ Անհաւաս արութիւն դու պէտք չէ՝ այնպէս հասկնաս թէ միայն տարասեռ իրար մէջ կերեւի. այլ մի եւ նոյն տեսակին մէջ անհաւասարութեան հրաշք կը տեսնուի։ Ծաղկաք թագուհին վարդ, իւր տեսակին մէջ գոյնով, հոտով, ձեւով եւ նոյն իսկ թերթերով անհաւասար է. նմանապէս բոլոր ծաղիկներ։ Խնձորենին իւր տեսակին մէջ պտուղներու մեծութեամբ եւ գոյնով անհաւասար են. սոյնպէս բոլոր պտղատու ծառերը։ Մտիր մայրի անտառը, անդ եւս կը տեսնաս մեծութեամբ, բարձրութեամբ եւ ճիւղերու ընդարձակութեամբ իրարմէ անհաւասար են, միեւնոյն ծառի տերեւներն անգամ հաւասարութիւն չունին։

Իսկ մարդն, որ բավանդակ արարածներէն հրաշակերտն է, այդ անհաւասարութեան հրաշքն աւելի ունի. թէ ներքին եւ թէ արտաքին ամէն հանգամանքներով անհաւասար է իւր ընկերին հետը: Ուղեղն անհաւասար, միտքն անհաւասար, իղձն ու ոգին անհաւասար, վարքն ու բարքն անհաւասար, երեսն ու դէմքն անհաւասար. ձեռն ու մատունք եւ ոտքն անհաւասար, քայլերն անհաւասար, ուժն անհաւասար, բոլոր զգայական անդամներ՝ ձենով ու զօրութեամբ անհաւասար։ Եւ նոյն իսկ մի մարդոյն վերայանհաւասարութեան օրէնքը յայտնապէս կը տեսնուի. աչքեր, ականջներ, ձեռքեր, ոտքեր անհաւասար են իրարու։

Այս ընդհանուր նկարագրէն յետոյ, այժմ սկսինք մարդոց ընկերական կեանքին անհաւասարութեան նկարագիրը հանել, որ մեր այս դասին նպատակն է։

Մարդկային ընկերութիւն եւ քաղաքային աշխարհ նոյնպէս անհաւասար տարերքներէն կազմուած է։ Աշխարհ՝ աշխարհի հետ, ազգ ազգի հետ, ժողովուրդ ժողովրդի հետ, թագաւոր՝ թագաւորի հետ, իշխան՝ իշխանի հետ, կառավարութիւն՝ կառավարութեան հետ, զօրութիւն՝ զօրութեան հետ, հարստութիւն՝ հարստութեան հետ, եւ այլ շատ բաներ ու հանգամանքներ իրարու հետ անհաւասար են։

Եւ նոյն իսկ մի աշխարհ, մի թագաւոր, մի ազգ եւ լեզու՝ անհաւասար տարերքներով կազմուած է։ Կը զարմանաս, թէ որ ասեմ քեզ, որդեակ, թէ աշխարհիս մարդկային ընկերութեան հզօրագոյն կապն անհաւասարութեան օրէնքն է, որ թագաւորը՝ հպատակ ժողովրդին հետ, իշխան՝ գաւառին հետ, զօրավար՝ զօրքին հետ, առաջնորդ՝ եկեղեցւոյն հետ, ամուսին՝ ա-