Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/329

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խանութիւն տալով՝ զայն տիրող իշխան կարգեց երկրին վերայ, ասելով թէ «Աճեցէք եւ բազմացարուք եւ լցէք ու տիրեցէք երկրին». այսինքն ծովուն ու ցամաքին եւ այն ամէն կենդանեաց, որ կը հպատակին մարդոյն իշխանութեան տակ. թէ եւ ոմանք մարդէն առաւել հուժկու եւ զօրաւոր են։

Դաւիթ մարդոյն այս տիրական իշխանութիւնը հաստատելով կասէ. «Զամենայն ինչ հնազանդ արարեր ի ներքոյ ոտից նորա, զխաշն եւ զարջառ եւ զամենայն ինչ»։ Թէեւ այնպէս կը թուի Սուրբ Գրոց պարզ իմաստ էն, որ մարդ իւր առանձին իշխանութեան սահման, եւ իւր ընկերին հաւասար իրաւունքը ճանչնալով՝ պէտք չէր որ բռնանար ու տիրապետէր իւր ընկերին վերայ։

Բայց դու յիշէ, խոհական որդեա՛կ իմ, եթէ քաջ խելամուտ եղար նախորդ դասիդ իմաստին, դու ինքնին կարող ես իմաստասիրել, որ իշխանութիւն մարդոց անհաւասար կեանքէն, խռովարար ոգիէն, տիրողական բուռն ձգտումէն եւ զօրութենէն ծներ է։ Եւ ինչպէս յայտնի է, մարդիկ հաւասար ձիրքով, հաւասար ուժով, հաւասար խելքով եւ հաւասար տոհմային ազնուականութեամբ չեն ծներ։ Ոմանք աչքի հետ մտաւոր լոյս ունին՝ ընկերին կառաջնորդեն. եւ ոմանց մտքին լոյս նուազ լինելով կը ստիպուին այլոց ետեւէն երթալ, ոմանք զօրութիւն ստանալով կը տիրեն, եւ ոմանք տկար լինելով կը հպատակին։

Աշխարհի պատմութիւն ցոյց կուտայ, որ իշխանութեան առաջին խանձարուրն ընտանիքն է. եւ մինչեւ ցայսօր իբրեւ բնական օրէնք ընտանեաց հայրն կիշխէ բոլոր գերդաստանին վերայ, եւ ինքն իւր տան մէջ նախաթոռ բազմելով կը վարէ ու կը կառավարէ զայն, որպէս զի խաղաղութեան եւ երկիւղած հնազանդութեան մէջ կենայ ընտանեկան կեանքն։

Իսկ երբ ընտանիքէն ընտանիք կազմուելով՝ շատ ընտանիք ի միասին բնակեր են. բնական է որ խռովութիւն, կագ ու կռիւ զանազան պատճառներէ յառաջ գալով՝ մարդկանց հետ կաճի. հարկն ստիպեր է յայնժամ, որ ամէն տանուտէր հայրերու մէջէն մի տանուտէր հայր ընտրեն իբրեւ դատաւոր եւ իշխան, որ պատկառելի ծերութեամբ, համբաւով, զօրութեամբ ու հարստութետմբ առաւելութիւն ունեցեր է միւս տանուտէրներէն. եւ աստի նախապէս կազմուեր է փոքր տանուտիրական