Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/33

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նախախնամութեան դէմ տրտունջ կը բառնամք, թէ ինչո՞ւ բարիները կը հալածուին, չարեր կը յաջողին։

Դաւիթն եւս կը տեսնար այս բան եւ Աստուծոյ առաջ կը հանէր: «Ահա մեղաւորք են եւ յաջողեալ է նոցա, կան ունին զմեծութիւն աշխարհի»։ Թողունք Թոռնիկ այս խնդիրը, բանի կարգէն դուրս ենք, սկսենք մեր կարեւոր դասերը։


Բ.

ԵՐԿՐԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐ

ԳԻՒՂ ԵԻ ՔԱՂԱՔ

Բովանդակ աշխարհիս բնակիչներ երկու դասի կը բաժանուին, քաղաքացի եւ գիւղացի։ Քաղաքացիք մեծամեծ քաղաքներ շինելով յարմարագոյն տեղեր՝ անոր մէջ կը բնակին։ Իսկ գիւղացիք դաշտավայրեր ընտրած են եւ իրարմէ բացագոյն փոքրիկ փոքրիկ գիւղեր շինելով միայն երկրագործութեամբ կը պարապին։ Բաղաքացւոց պարապումն արհեստ եւ վաճառականութիւն է, եւ փոքր մասն եւս երկրի վարչական կառավարութեան զանազան պաշտօններ կը վարեն։ Հարցուր Թոռնիկ, թէ ի՞նչ զանազանութիւն կայ քաղաքացւոց եւ գիւղացւոց մէջ կամ նոցա վարած կեանքի առաւելութիւն կամ նուազութիւն, բարեկեցութիւն եւ թշուառութիւն ի՞նչ են։

Քաղաքացւոց եւ գիւղացւոց կեանքի նկարագիր շատ ընդարձակ է, ես միայն պիտի պատմեմ քեզ գլխավոր զանազանութիւններ, որ կերեւին մեզ իրենց արտաքին երեւոյթով, մնացեալ մասեր կը թողում քեզ որ դու ինքնին խելամուտ լինիս։ Սիրելի Թոռնիկ, դու գիւղին մէջ փակուած չես, շարունակ կերթաս քաղաք կուգաս, ամէն բան աչքովդ կարող ես նկատել, որովհետև փոքր ի շատէ ուսում ունիս, մտացի եւ չափահաս ես, կարող ես ինքնին դատել եւ կշռել թէ՛ մեր եւ թէ քաղաքացւոց կեանքը. որ իւրաքանչիւր իր քաղցրութիւն եւ դառնութիւն ունի,