Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/341

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ժողովուրդ իբրել աշխատութեան մայր՝ բոլոր ծովագնաց նաւերուն համար նաւապետ եւ նաւաստի կուտայ. բոլոր մեծամեծ գործարանաց համար գործաւոր մշակ կուտայ, բոլոր հանքերուն համար գետնի տակ անարեւ անլոյս խորերուն մէջ հանքահաններ կուտայ, համայն երկրագունդ բեղմնաւորելու համար հողագործ աշխատաւորներ կուտայ։

Ժողովուրդ իբրեւ գրականութեան անխոնջ մշակ, իբրեւ մատենագիր հեղինակ, իբրեւ լուսաւորութեան եւ յառաջդիմութեան առաջնորդ՝ աշխարհ թուղթերով, գրքերով ու թանգարաններով լցոյց, խաւարն ու մութ փարատեց մարդոց մտքէն եւ լուսավորեց մարդոյն մտաւորական աշխարհ։

Կը խելամտի՞ս, որդեակ իմ, թէ աշխարհիս վերայ մարդկային ընկերութեան կեանք պահող եւ արդիւնաւորող ժողովուրդին աշխատութեան կեանքն է։ Թող այդ ամէն արտաքին մասերը, որ ժողովուրդի աշխատութեան կեանքէն կը բղխի, եւ աշխարհ նոցա վաստակով կը յագենայ ու կը ճոխանայ։ Ժողովուրդ նաեւ իւր ներքին ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքին մէջ շատ պտղատու եւ բարգաւաճ է. գիւղեր ու քաղաքներ նորա զաւակներով կը լեցուին. դրախտի օրհնութիւն իսկապէս ժողովուրդ կը վայելէ, որ միշտ աճելով բազմանալով կը լնու երկիրը. եւ աշխարհ իւր որդիքներով շէն կը մնայ։

Բայց դու, ժողովրդասէր որդեակ իմ, արդեօք կը սրտմտիս կամ անիրաւութի՞ւն կը համարիս երբ կը տեսնաս աշխարհիս կարգն ու դատաստանը. զի երբ ժողովուրդն ընդհանուր մեր ընկերական կեանքին մէջ այսչափ մեծամեծ պարտիքներ կը կատարէ. զօրհանապազ չարաչար կը տքնի եւ քիրտն կը թափէ մարդկային յառաջդիմութեան համար. ո՛հ, քանի՞ դառն ու դժուար է որ իւր յառաջ բերած անբաւ արդիւնքէն խիստ նուազ եւ յոռի մասն կը վայելէ։ Ազնիւ ցորեան եւ պատուական հացն՝ ազնուականին կուտայ, եւ ինքն գարի ու կորեակ կուտէ, նմանապէս գէր կենդանիներ նոցա բաժինն է. ժողովուրդ թան-ապուրով եւ ցամաք հացով կապրի. անուշահամ գինին նոցա բաժինն է, ժողովուրդ պարզ ջրով իւր ծարաւ կանցունէ. բեհեզն ու ծիրանին եւ տարազագործ կերպասներ ազնուականին կուտայ, եւ ինքն պարզ կտաւ կամ շալ կը հագնի, շքեղ ու փառաւոր ապարանքներ կը շինէ նոցա համար, ինքն անշուք տուներու