Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/362

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տիկ սեղանով չը լիանան. եթէ հրապարակի մէջ շրջելու համար չը պերճանան, եւ թողլով ալդ ճոխապանծ կեանքը՝ հասարակաց անշուք ու սակալապէտ կեանքով ապրին. ո՞ւմ կը հասնի այս վնասը. գիտե՞ս, բոլոր արհեստաւորաց եւ շահավաճառութեան այլ եւ այլ ճիւղերուն. որոց բախտ եւ իրաւունքն էր այդ ամէն մեծածախ պէտքերը պատրաստել ու տալ. եւ այս փոխանակութեան միջոցով՝ հարուստներուն կուտած աւելորդ գանձը հանել ժողովուրդին հրապարակ. որպէս զի մէն մի իւր աշխատութեան բաժինն ընդունի։

Եւ գիտե՞ս դու, մեր ընկերական կեանքին հաւասարակշռութիւն պահող նժարներ՝ փոխանակութեան օրէնքն է։ Վասն զի ո՞ւր տեղէն կամ ո՞ր աղբիւրէն կը ժողովին ու կը ծովանան աշխարհիս մեծատանը եւ արքունական գանձեր. ինքնին մեզ շատ յայտնի է, զի դոցա մշտահոս վտակներ՝ ժողովուրդի աշխատութեան աղբիւրի ակներէն կը վազեն։

Իրաւունք է եւ մեծ իրաւունք, որ այդ գանձու վտակներ անդրէն իրենց ակները դառնան եւ այսպէս միշտ շրջան առնուն, որով թէ ժողովուրդին եւ թէ մեծատանը դարաստաններ ու տունկեր միշտ ջրարբի լինելով՝ զուարթ ու պտղաբեր մնան։

Ուստի մեծապէս կը մեղանչեն ուղիղ տնտեսութեան օրէնքին դէմ այն մեծատունք, եւ առանց բռնացող յափշտակութեան հարստահարիչ կը համարուին նոքա, եւ միանգամայն յառաջդիմութեան խափանարար կը լինին, երբ ժողովուրդի վաստակոց եւ շահերու աղբիւրներ խցելէն յետոյ արուեստներու յառաջդիմութիւն եւս կը խափանեն։ Վասն զի աշխարհիս գեղարուեստից այնչափ անհուն, անհամար պէտքերը, զոր միշտ կստեղծէ արուեստագէտ հանճարներու ձեռք, դոքա իրենց ամենամեծ մասերով՝ մեծատանը վայելման համար են։

Իրաւունք տուինք աշխարհիս մեծատանը որ ճոխ ու փառաւոր կեանք վարեն, միայն թէ չանցնելով չափաւորութեան ու վայելչութեան սահմանէն։ Բայց թէ նոքա այդ իրաւունքը՝ միայն ճանաչեն իրաւունք, եւ զայն ըստ հաճոյից կատարելով՝ մոռնան ու պը յիշեն երբէք միւս բազմադիմի պարտքեր, այսինքն հացի տնտեսութիւն միայն հոգալով՝ թողուն Աստուծոյ բանը, թողուն բարեգործութեան պարտքերը, չըյիշեն երբէք ժողովուրդի աղքատներ, որբեր, հիւանդներ, անօգնական թշուառներ եւ իրենց դռներու առաջ ինկած վիրալից Ղազարոսներ, եթէ