Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/383

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Թշուառ չե՞ն նոքա, որ աչք ունին, լոյս չեն տեսնար, կամաւոր կոյր են տգիտութեան մէջ: Թշուառ չե՞ն նռքա, որ լեզու ունին, ականջ ունին. այլ ոչ խօսիլ կարող են եւ ոչ լսել կը կամին։ Թշուառ չե՞ն այն մարդիկ, որ ոտք ունին, քալելու ճանապարհ չունին, ձեռք ունին, գործել չկարեն. սիրտ, հոգի ունին, թմրած ու չքած են,: Առաւել թշուառ չե՞ն այն ժողովուրդներ, որ ընտանիք ունին, պանդխտաթեան մէջ չարաչար կը մաշին, որ վերջապէս կեանք ունին, կը շնչեն եւ կը շրջին երկրիս վերայ, այլ կիսակենդան են. բանաւոր կեանքի եւ ճշմարիտ կենդանութեան պատկեր չունին։

Կան տակաւին ընդհանուր թշուառութեան այլ եւս շատ մերկատեսիլ ողորմելի պատկերներ, զորս կը թողում եւ քո աչքին առաջ չեմ հաներ, որպէս զի մատաղ ոգիդ այժմէն չը վշտակրի եւ դու յուսահատ լինիս, տեսնելով՝ թէ մեր կեանքի թշուառութեան փուշեր որչա՞փ բազմապատիկ են, որոց մէջ շրջապատուած դժբախտ մարդ միշտ խայթոցահար լինելով՝ ամենայն վշտաբերութեամբ կը վարէ իւր կեանքը։

Եւրոպիոյ քաղաքակրթութիւն գիտութեամբ, կրթութեամբ, հին աշխարհի բարբարոս կեանքը յեղաշրջեց, եւ կը ջանայ մարդկային թշուառութեան փուշերը բոլորովին քաղել, արմատախիլ ընել, եւ մարդկութեան կեանքն՝ երջանկութեան ծաղիկներով զարդարել։

Այլ ի՞նչ օգուտ երբ կը տեսնայ, որ անդէն կեանքին մէջ թշուառութեան նոր երեւոյթներ այլ եւ այլ կերպարանքով երեւան կուգան. եւ այդ նոր աշխարհի մարդիկ ծաղիկներու հետ փուչերն եւս կը մշակեն։ Պարծեցող քաղաքակրթութիւնն իսկ կը զարմանայ, թէ ուստի՞ արդեօք կը ծնանին թշուառութեան նորաբոյս փուշերը. կամ մեր ընկերական երջանկութեան արտին մէջ, բարի սերմերուն հետ ո՛վ կը խառնէ ու կը ցանէ դառնահամ ու հեղձուցիչ որոմները։

Հրեշտակներ հարցուցին, Յիսուս պատասխան տուաւ. թէ թշնամի մարդ ցաներ է զայն։ Այո՛, չարարուեստ մարդն է որոմնացան մշակ, որ ինքնաբոյս կարտադրէ իւր սրտէն ու բնութենէն։ Ուրեմն մա՞րթ է բառնալ այս աշխարհէն այն մարդիկը, որ թշնամի են ընկերական երջանկութեան եւ կապականեն միշտ նորա բարի սերման ագարակը։