Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/384

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այդ ցանկութիւնը հրեշտակներն եւս ցանկացան. հրաման խնդրեցին, որ երթան որոմնաբոյսերն ի բաց քաղեն։ Բայց նախախնամող Հօր Որդին ասաց, թոյլ տուէք, թող առժամանակեայ մի երկուքն ի միասին աճին մինչեւ հնձոց ժամանակը։

Թէպէտ Աւետարանին առակը տիրապէս հաւատացելոց եւ թերահաւատից համար ցոյց կուտայ, որ այդ երկու դասն անբաժան ի միասին աճին եւ ապրին, թէ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ եւ թէ աշխարհիս վերայ։

Սակայն շատ բնական է իմաստասիրել այս խորհրդաւոր առակէն, թէ երկնից նախախնամութեան մի թաղուն անիմանալի խորհուրդն է այս, որ նա կը կամի զի այդ երկու հակառակ բոյսեր իրարու հետ աճին ու մնան։ Միթէ երկիրն եւս այդ օրէնքին տակ չէ, դու չե՞ս տեսնար որ տեղ մի ծաղիկներ եւ տեղ մի փուշեր բուսած են։ Երկրի բնական փուշեր հնազանդ են մարդոյն. եւ մարդ կարող է զանոնք արմատով քանդել եւ տեղը ծաղիկներ տնկել։ Բայց մեր ընկերական աշխարհի փուչեր, այնչափ հին ու խորարմատ են, այնչափ խիստ ու ստահակ են, որ մարդոյն բանաւորութեան եւ ճարտարութեան առաջ չեն հնազանդիր. ուստի դժուարին, անհնարին է թէ հին եւ թէ նոր փուշեր մարդկութեան անդաստանէն ի բաց խլել։

Խոնարհելով վերնախնամ Տեսչութեան առաջ, պէտք է խոստովանիմք թէ մարդոց այս խառնաբոյս ընկերական կեանքը՝ յաւիտենական օրինաց մի փակուած կնիքն է. մարդոյն ձեռք անձեռնհաս է քակել կամ եղծել զայն. երջանկութիւն պահել, թշուառութիւն վարել աշխարհէն։

Կը խօսինք եւ կը գրենք, որդեակ իմ, թէ մարդոյն երջանկութեան եւ թշուառութեան ճշգրիտ նկարագիրն ի՞նչ են, կամ ո՞վ է երջանիկ եւ ով է թշուառ աշխարհիս վրայ։

Մարդիկ յեղակարծ դատաստանով այնպէս կը համարին, ով որ հաց եւ գանձ ունի, ով որ համբաւով, հարստութեամբ իբրեւ աստղ կը փայլի ընկերական հորիզոնին վրայ, ով որ իշխան է, կը տիրէ ժողովուրդին վերայ, ով որ գահ ունի եւ զօրութեամբ պերճացած հրաման կուտայ աշխարհին, ահաւասիկ սոքա երջանիկ կը համարուին մարդոց դատաստանին առաջ։ Իսկ ով որ հաց չունի, իւր աստղ աղօտ է, չի փայլիր, սորա համար եւս կասեն թէ թշուառ է։

Բայց թէ մտնենք մարդկային ընկերութեան իւրաքանչիւր