Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/385

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կարգի մարդոց սիրտ եւ ոգին զննենք, պիտի տեսնամք այն մարդիկս զորս ժողովուրդ երջանիկ կը կարծէ. նոքա զիրենք այնպէս չեն կարծեր, եւ ես ցոյց տամ քեզ մի այլաբան օրինակով։

Մեր մտքով մի սանդուղ ստեղծենք, որոյ ծայր հասնի մինչեւ երկինք եւ իւր մէն մի աստիճաններուն վերայ աշխարհիս բոլոր մարդիկ կարգ կարգ շարուած լինին, թագաւորներէն սկսեալ մինչեւ յետին ստրուկ ծառաներ։ Դու պահ մի կաց այդ սանդուղին հանդէպ, դիտէ ու տես, թէ ինչպէս աշխարհիս իւրաքանչիւր մարդիկ իրենց կեանքի վիճակ էն անհոգ լինելով, սանդուղի ստորին աստիճաններէն սկսեալ մինչեւ ցվեր, ուր գրուած են թագաւորաց գահեր, բոլորն եւս ի մի ասին երջանկութիւն երջանկութիւն կաղաղակեն, եւ դէպի այն կը ձգտին։

Թագաւոր, զոր կը համարինք թէ երջանկութեան կատարն է հասած, կասէ թէ այլ եւս երջանիկ կը լինէի, եթէ գահս ուրիշ գահէ մի վեր դնէի, Կեսար լինէի, Նապօլէօն լինէի, եւ այլն: Գահաժառանգ կասէ, այն օր է իմ երջանիկ օր, երբ գահակալ հայրս ի գերեզման կերթայ. իւր գահն ինձ կը թողու եւ ես թագ կը կապեմ ու կը թագաւորեմ աշխարհիս վերայ։ Մեծ նախարար իշխան կասէ. երանի՛ թէ արքայազուն լինէի եւ իմ գլուխս թագով պսակուէր, յայնժամ էս տիրապէս երջանիկ կը լինէի:

Այսպէս սանդուղի գլխէն մինչեւ ցվայրաստիճան մարդիկ ցանկութեամբ կը ձգտին դէպ ի վերագոյն կարծուած երջանկութիւն. եւ միշտ դժգոհ լինելով իրենց կեանքէն ու վիճակէն, ցանկութեան մէջ մաշուելով, կը վախճանին եւ միայն կը յագենան գերեզմանի հողով։

Ի՞նչ զարմանալի խաղեր կան ու կը լինին այս երջանկութեան, դու ասա, թշուառութեան սանդուղին վերայ, յորում մարդիկ ել եւ էջ առնելով կը մրցին եւ ամէն ոք դէպ ի բարձրութիւն կը ձգտի, յուսալով թէ ստոյգ երջանկութեան կայանը բարձրութեան աստիճանին վերայ է։

Բայց, աւա՜ղ, հէք մարդկային ընկերութեան այս դժուարին ելեւէջներու մէջ մեծագոյն մասն սանդուղի աստիճաններէն վայրահոսելով, կը թօթափին ի գետին, ամէն մարդ իւր չափով ու թափով կը ջախջախուի. եւ մեր աչքին առաջ կը բացուի յայնժամ մարդոց թշուառութեան տեսարան։

Թշուառին կեանքն արդէն ինքնին ջախջախուած է իւր կա-