Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/399

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ժամանակն աշխարհիս գահերուն, թագերուն տիրող մեծ աշխարհակալն է. միապէս հաւասար կիշխէ իւր յաւիտենական գաւազանով, գահին եւ ստրուկ ծառային վերայ. զամէն մարդ միահամուռ կը վարէ դէպի գերեզմանին վիհը։

Ժամանակ հանուր մարդկային գործոց մեծ դիւանապետն է, նա է որ կարձանագրէ մեր կեանքին հաշիւը, աշխարհիս տիրող թագաւորաց հաշիւը, մեծ դիւանագէտներու հաշիլը, պատերազմի եւ արեան դաշտերու հաշիլը, հպատակ ժողովուրդին հաշիլը, բողոքող զրկեալներուն հաշիւը, յղփացող մեծատանը հաշիլը, տուայտեալ Ղազարոսներու հաշիլը, ամէն կարգի եւ վիճակի մարդոց հաշիւը։

Ժամանակ երկնից արդարութեան եւ հատուցմանը գործադիր ոստիկանն է. իբրել սուրհանդակ կը շրջի աշխարհիս վերայ: Կերթայ կը մտնի յանտառ, անտառին տիրապետ առիւծ կսպաննէ. կը դառնայ թագաւորին պալատը, նորա շունչ եւ ոգին կը քաղէ, կը հասնի Բաբելոնին դաշտը հպարտացող գոռոզին դիցապատկեր արձանը կը կործանէ։ Ժամանակ իւր ձեռքի տապարով կտրեց այն աշխարհասփիւռ ծառը, որ բարձրամտելով իւր ճիւղերը դէպի երկինք կարձակէր. անկաւ տարածեցաւ գետնին վերայ. եւ ճանչցաւ իւր չափը։

Ժամանակ քան զարծիւն սուր արագաթեւ է. կը բարձրանայ եւ շեշտակի կը դիտէ զաշխարհ, կիջեայ եւ քաղաքներ հողաբլուր կը դնէ. Բաբելոնի, Նինուէի, եւ հին Արմաւիրի, Արտաշատ ու պերճ Անւոյն փառքն աւերակաց տակ կը թաղէ։ Թողլով հողագնդին երեսը՝ կերթայ Վեսուվի լեռան տակ կը մտնէ, կրակ կուտայ, հրանիւթ կը բորբոքի, եւ Պօմպէի պերճութիւն մոխրաթաղով կը ծածկէ։

Բայց կանիրաւիմք, եթէ ասենք ժամանակի պատահարին ձեռքը միշտ կը քաղէ ու չի շիներ. կամ թէ կաչառէ, զաշխարհ մի կը շինէ, միւս կը քաղէ։ Ժամանակ վաղուց է, որ թողուց արեւելքը գնաց արեւմուտք. երեք դար է, որ անդ կը դեգերի, արեւմտեան հին աշխարհ իւր ամէն շէնքով տապալեց. նոր հիմըն դրաւ, նոր աշխարհ կանգնեց, նոր մարդ վերածնեց, լոյս գիտութիւն եւ քաղաքակրթութիւն ծաւալեց ընկերական աշխարհին մէջ։ Անշուշտ ժամանակ միշտ յարեւմուտս չի մնար. մի օր կը դառնայ յարեւելս եւ զայն եւս իւր հնութենէն կը վերանորոցէ։

Թողունք այս վերացեալ մտածութիւններ, որգեակ իմ. եւ