Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/405

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կը դրուատէի ես Հայոց ընտանիքը, եթէ ստոյգ եւ իրապէս փափագէին քաղաքակիրթ աշխարհի օրինակին հետեւիլ: Երանի թէ այնպէս լինէր, բայց իրաց ճշմարտութիւն կը վկայէ որ դոքա թողլով Եւրոպիոյ մեծամեծ բարեմասնութեան օրինակները, միայե նորասիրութեան պերճանքները ղրկեցին. թողին ներքին կրթական մասն, եւ միայն արտաքին կեղեւն առին. թողին ինչ որ վայելուչ էր մեր ազգային բնիկ յատկութեան, եւ ինչ որ մեր յառաջդիմութեան ձեռնտու օգտակար էր, այսինքն բուն քաղաքակրթութեան ճշմարիտ տարերք, որ է գիտութիւն, կրթութիւն եւ լուսաւորութիւն։

Է՜հ, լսասէր որդեակ իմ, ես ձանձրացայ այս տնտեսական խնդրոյն վրայ քարոզելով, խօսելով, գրելով եւ կրկնելով. այս մի քանի օրինակները քեզ բաւական են, մնացորդները դու ինքնին իմաստասիրէ։ Գիտցիր, որ աշխարհիս վերայ ամէն չարաչար կեանք՝ իւր չար հետեւանքն ունի, զորս մարդիկ չար ժամանակ կը կոչեն։

Բայց մենք կը հաւատանք թէ՝ ժամանակն երկնից արդարութեան ձեռաց մի չափն է. քրիստոս վկայեց այդ չափին համար. «Որով չափով չափէք, չափեսցի ձեզ»։ Կը հաւատանք նաեւ որ այդ չափին գործադրիչ ոստիկանը՝ ժամանակն է, որ իւր չար կարծուած պատահարներով կը հատուցանէ իւրաքանչիւրին գործոց համեմատ չափով։

Այլ եւս աւարտենք այս դասը, որդեակ իմ, եւ դու ուղղէ քո դատաստանը ժամանակի պատահարին վերայ, գիտնալով թէ ժամանակն ինքնին պատահար չունի, այլ ամէն պատահար մեր նախորդ գործքերուն վերջին հետեւանքներն են, եւ հետեւանքները Աստուծոյ յաւիտենական օրինաց հատուցումն են։ Ինչ որ այսօր կը կրենք, անցելոյն հետեւանքն է, եւ ինչ որ այսօր կը գործենք՝ նորա հետեւանքն եւս ապագայն կը կրէ։

Ուրեմն, երկիւղած որդեակ իմ, վախցիր գործերէդ քան ժամանակի պատահարներէն, ներկայ կեանքիդ մէջ միշտ ջանացիր ուղղութիւն գործել, հաւատալով որ ուղիղ գործին հետեւանքն ու վախճանը՝ ուղիղ կը լինի։ Ուղիղ ճանապարհ դէպի ուղիղ նպատակը կը տանի։ Ուսիր Քրիստոսի առակէն, որ անառակութեան հետեւանք սովամահութիւն է, ուսիր աշխարհի օ-