Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/409

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

աշխարհ խռովութեան մէջ թողին, իրենք գերեզմանին մէջ խաղաղութիւն գտան։ Նոքա իրենց զօրութեամբ ու սրով բնաւ չկարացին խաղաղութիւն տալ երկրին, այլ մանաւանդ երկրին երեսը արիւնով լուացին եւ սոսկալի բռնութեան տակ ջախջախեցին մարդոյն ազատութեան կեանքը։

Եկան վերջին դարեր եւ մանաւանդ իննեւտասաներորդ դարը, զոր քաղաքակրթութեան դարը կը կոչեն եւ յորում ես եւ դու ծնանք ու կապրինք. կասեն թէ մարդոյն չառաջդիմութեան քայլեր քիչ մնաց որ մինչեւ ի կատար հասնին։ Քաղաքային եւ աշխարհի կառավարութեան համար դիւանագէտներ ժողովեցանք մեծամեծ ստուար ստուար օրինագրքեր շինեցին, եւ երկրի խաղաղութիւն մշտնջենաւոր պահելու համար դաշնակցութիւններ կռեցին։ Եւ ի՞նչ էր նոցա բոլորի նպատակը, մարդկային ընկերական կեանքը հաւասար բարւոքելո՞ւ. թէ՞ մէն մի գահեր իրենց երկրի շահը առաւել հոգալու: Այդ իրաւունք է, գիտենք, բայց առանց ընկեցին եւ ազգերու իրաւունքը խլելու։

Այժմեան աշխարհիս վերայ տիրող մեծ աշխարհակալ շահն է. սորա համար մարդ չի հաւատար թէ քաղաքակրթութիւն՝ Յիսուսին տուած խաղաղութիւն կամ Աւետարանին քարոզած ընկերսիրութեան դաշնակցութիւնը կընդունի։

Ո՜հ, որչա՞փ հեռու են իրարմէ դիւանագիտութիւն եւ Աւետարան, Խաչն ու Կրուպի թնդանօթն. եկեղեցւոյ միաժողով գաւիթն եւ պատերազմի արեան դաշտ. եւ ի՞նչ համեմատութիւն կայ մահուան եւ կեանքի մէջ։ Քաղաքակրթութիւն դեռ մահ կը բերէ, դեռ մարդոց համար սպանութեան գործիքները կը հնարէ, քուն եւ հանգիստ չունին աշխարհիս տիրապետներ ու դիւանագէտներ. վիշապի նման տուտի վերայ կեցած կը ֆշան կսպառնան, եւ ի՞նչ կը խնդրեն, պատերազմ, անշուշտ զիրար կլանելու համար։

Այսպէ՛ս, մինչդեռ Յիսուս իւր Աւետարանին ազատ սիրով խաղաղութիւն կուտայ երկրին, մեր կարծեցեալ քաղաքակրթութիւն՝ դեռ սրով եւ արիւնով եւ հին աշխարհի խելքով խաղաղութիւն հաստատել կուզէ։

Տե՛ս դու եւ համեմատէ այս երկու հակառակ եղանակները. այլ եւս կը հաւատա՞ս թէ սոսկ քաղաքակրթութիւն այլանց Աւետարանի աջակից զօրութեան՝ մարդոյն խռոված ընկերական վիճակը խաղաղութեան մէջ կը պահէ. զգօնանան