Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/418

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

չկրցաւ խորհրդով խելամտել, որ քո կարծեցեալ յառաջդիմութիւնդ երկրին ընդհանուր բարգաւաճման անխտրապէս շահ եւ օգտակար էր։

Եթէ յիրաւի եւ իրապէս յառաջդիմութեանդ քայլերը հաստատուն եւ զօրաւոր էին, այդ իսկ մեծ շահ էր անշարժ եւ անաշխատ եղբօրդ. զի դու զայն եւս մղելով մղելով յառաջ կը տանէիր հետ քեզ, եւ իբրեւ երկու լծակից ամուներ հաւասար վաստակելով, հաւասար բաժնելով հայրենեաց ագարակին արդիւնքը, այնուհետեւ հաւասար կը վայելէիք ի փառս Օսմանեան կայսրութեան։

Ո՛վ տիրասէր եւ ժրաջան Հայ մշակներ, հայրենեաց ագարակին մէջ այն ինչ միամտութեամբ կաշխատէիք բեղմնաւոր հունձերով երկիրը բարեշէն պահել եւ տիրոջ շտեմարանը գանձով ու բորենով լեցնել, անտիրասէր ծառայակիցներ հրձիգ արարին ագարակն, խելաթափ եղեն ու չմտաբերեցին թէ այդ ոճիրն արքունի գանձուն եւ բոլոր հայրենակից ժողովրդոց հաւասար զեան է։

Ո՛վ չի գիտեր, որ երկրի մը բռնութենէն եւ զրկանքէն միապէս կը զրկուի բնակիչ ժողովուրդ, եւ կը թշուառանան առհասարակ սովոլ եւ տառապանաց մէջ. Ղուրանի եւ Աւետարանի որդիքներն՝ երկու դասն ի միասին պիտի նստին ու լան, մէկ դասն արեւուն տակ եւ միւսն գիշերավար լուսնին, հա՛ց հա՛ց աղաղակեն։

Միթէ նա որ յափշտակեց ընկերին հաց, նա կուշտ պիտի ուտէ: Ո՛չ, ոչ. զրկանաց ու յափշտակութեան հաց առաւօտէն մինչեւ իրիկուն չի տեւեր, շուտով կը սպառի. զի այն հացն է միայն արդար ու անսպառ որ մարդոց ճակատին քրտանց՝ արդար վաստակն է. ով որ առանց այս պայմանին հաց կ՝ուտէ աշխարհիս վրայ՝ պետական Աստուծոյն վճիռը կեղծանէ։

Չը գիտեմք քո մեղքն ի՞նչ էր, ով անզէն եւ հլու հնազանդ ժողովուրդ Վանայ, դու ոչ զէնք ունէիր եւ ոչ երբէք ըմբոստացար տիրող գաւազանին դէմ. քո հաւատարմութեան չափ հինգ հարիւր տարի է, եւ քո զէնք միայն խոփն ու արօր. արուեստ եւ վաճառականութիւն քո զբաղումն էր. եւ միթէ ա՞յս եղել հատուցումն քո հաւատարիմ հպատակութեան։

Ի՞նչ խորհրդաւոր օր էր հրափորձութեանդ օր, ով անբախտ Վան. միթէ այն օր քեզ համար սեւ օ՞ր էր, երբ Թուրքաստանի