Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/42

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տէրութեան շնորհիւ, Թուրքիոյ շատ գաւառներում քաղաքէ ի քաղաք ճամբաներ շինուելով հարթուեցան եւ այդ գաւառներուն շահագործութիւն օրըստօրէ յառաջ կերթայ. յոյս ունիմք որ մեր գաւառներն եւս նոյն բախտն ունենան եւ յայնժամ ոչ միայն գինին, այլ եւ մշակութեանց արդիւնք պիտի կրնայ փոխադրուել մինչեւ Տրապիզոնի նաւահանգիստը։

Ահա, սիրելի թոռնիկ, քո հարցման պատասխանելով, կարգըն այնպէս բերաւ որ ուրիշ բաներ էլ խօսեցայ. բայց պէտք է դառնամ քո հարցման եւ բացատրեմ քեզ աշխարհի տնտեսութեան մի անհրաժեշտ օրէնքը, որ մարդկային ընկերութիւն իրարու հետ կը կապէ շահագործութեան ու առեւտրական միջոցներով. դու կուզես, որ գիւղացին իւր աշխատութեամբ իր ամէն պէտքեր հոգայ, երբէք կարօտութիւն չունենայ քաղաքացիներէն բան գնել եւ իւր պէտքեր հոգալ։

Է՜, թոռնիկ, կը մոլորիս, այդ դատողութիւնը՝ սոսկ մանկական մի բաղձանք է, հակառակ ընդհանուր մարդկային ընկերութեան, բարոյական միութեան եւ համերաշխական շահուն։ Եւ դու պէտք է գիտնաս որ՝ մարդկային ընկերութիւն իրարմով կապրի, միոյն կարօտութիւն եւ պակասութիւնը միւսն կը լրացնէ եւ աշխարհիս ամէն բան փոխարինութեամբ կը կառավարուի։ Դու ի՞նչպէս կուզես, ցորեան տանես քաղաք ծախես եւ շուկայէն բան մի չառնելով՝ ե՞տ դառնաս, այսինքն միայն ծախես եւ երբէք ծախու չառնես. այս կերպ առեւտուխ շատ անիրաւ եւ անարդար է, միանգամայն թէ վաճառականաց եւ թէ արհեստաւորաց մեծ զրկանք կը լինի ու կը փակուի նոցա ապրուստին դուռը։ Վասնզի դու ինչպէս ցորեան եւ այլ մշակութեան բերքեր ծախելով կապրիս, վաճառականն եւս իւր ապրանք ծախելով կապրի։ Մի գաւառի ժողովուրդք ամենամեծ մասըն գիւղացի է. եթէ դիպեցին իւր առեւտուր կտրէ քաղաքէն, միթէ կարելի՞ է քաղաքի ժողովուրդն ապրի. նմանապէս գիւղացի ժողովուրդ կապրի՞, եթէ իւր մշակութեան բերքերը քաղաքացւոց չը ծախէ, կամ իւր նեղութեան մէջ չը դիմէ քաղաքացի բարեկամին եւ փոխառութիւն չանէ։ Ո՞վ չի գիտեր որ գիւղացւոց գանձարան քաղաքն է։ Խեղճ գիւղացին իւր մշակութեան բովանդակ բերքերով, կարող չէ տակաւին իւր պէտքեր եւ պարտքեր հոգալ եւ ժամանակին տէրութեան տուրքեր վճարել։ Սորա