Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/425

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տէր բարձրեալ եւ ահարկու, դու կը հայիս եւ կը տեսնաս Երկնից պետական աթոռէդ, որ երբ ստրկացած ազգեր կուլան քո առաջ, ինչպէս կուլայ կարօտ մանուկ իւր ծնողաց առաջ, աշխարհիս ազատ եւ հզօրացեալ ազգեր կայպանեն ծաղր ու կատակ կխառնեն զմեզ, երբ մեք զրկանաց դատաստան եւ իրաւունք միշտ քեզ կը թողումք գիտնալով որ անօգնական ազգին՝ միակ ապաւէն եւ զօրութիւն դու ես։

Աստուած մարդասէր, մեր գթած Սամարացին դու ես, մարդոց այս անխնայ դատաստանէն զմեզ ազատէ, որք Երիքովի ճանապարհի վերայ ինկած վիրաւորը կը տեսնան, եւ գիտեն իսկ, որ նա ինքնին անյարիր է, դարձեալ զանց կառնեն, մին կասէ, ի՞նչ ղահ ունիմ ես որ ձէթ եւ գինի ածելով Վէրքերդ պատեմ, եւ միւսն՝ թէ ի՞նչ վարձ կուտաս, որ զքեզ բառնամ տանիմ մինչեւ ազատարար պանդոկ, ուր դարման տանելով քեզ ողջնաս եւ նոր կեանք ստանաս աշխարհիս վերայ։

Այսպէս անկարեկիր են մարդիկ, ով Տէր, առանց պայմանի մեր վէրքերուն դեղ եւ դարման չեն դներ, եւ առանց փրկանաց գին խնդրելոյ զմեզ չեն փրկեր, սորա համար Դաւիթ իւր ժողովուրդին խրատ կուտար, «Մի յուսայք յիշխանս որդիս մարդկան, զի ոչ գոյ ի փրկութիւն ի նոսա»։

Ես կը լռեմ, Տէր, թող այրած ժողովուրդին հեծեծանքն միայն առ քեզ հասնի, բայց ի՞նչպէս լռեմ, թէ լռեմ ես, Վասպուրականի քարեր կաղաղակեն, երկու բիւր ժողովրդոց աչք վկայ են այս ճշգրիտ իրողութեան, թէ աշխարհիս իշխանութեան դատաւորներ այս վկայութիւն չընդունին, այնուհետեւ դատ եւ դատաստան քեզ կը մնայ, ո՞վ իրաւարար Տէր։

Մամո՜ւլ, մամո՜ւլ, որ քան զարծիւ արագաթեւ ես, ա՛ռ եւ տար մորմոքող սրտիս ցաւն ու հառաչանք եւ աչքիս աղէջուր կաթիլները, տար ցօղէ այն իմ այրած Հայրենեաց փոշիացեալ աւերակներուն վերայ, ցօղէ վառուած ու մրկած սեւ սիրտերուն վերայ։

Գիտե՜մ, գիտե՜մ այս իմ հեռաւոր նժդեհութեան վայրէս զքեզ լաւ միայն հերիք չէ, ո՞վ իմ բնակասնունդ Հայրենի՜ք, ո՜վ իմ խանձեալ խանձարուր. գա՜մ գա՜մ եւ քեզ հետ կական բառնամ, մոխրակուտիդ վերայ ողբանուէր նստելով զքեզ ողջագուրելով լամ։