Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/43

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

համար նա միշտ հարկադրեալ է դրամ տուէր քաղաքացխոյն դիմել եւ փոխ դրամ խնդրել։

Այս մասին դարձեալ պիտի խօսիմ, Թ՛ոռնիկ, եւ դու պէտք է համոզուիս եւ ուսանիս թէ՝ քաղաք գեղով եւ գեղ քաղաքով կապրին, զի աշխարհի տնտեսութեան մի կարգադրեալ օրէնք է, որով կը կառավարուին բովանդակ ազգեր եւ ժողովուրդներ:


Ե.

ՎԻՃԱԿ

ՄԵՐ ԱՐԴԻ ՀՈՂԱԳՈՐԾՈԻԹԵԱՆ

Տեսնո՞ւմ ես, իմ սրատես Թոռնիկ, որ մեր գիւղական ժողովրդի հողագործութեան վիճակը նոյն հնութեան խանձաբուրին մէջն է, դեռ հին հին դարերու մէջ կը թափառեմք. մեր հողագործութեան ամէն աշխատութիւններ դառնաքիրտն տանջանք է, մեր բանեցուցած գործիքներ անտաշ, անարուեստ, եւ կոպիտ շինուածներ են, որ չէ թէ միայն զմեզ կը տանջեն, այլ առաւել մեր խեղճ անխօսուն անասուններ։

Տե՛ս, ահա գիւղացի մշակը բորենի օրան բարձած սայլին արտէն կուգայ. մի զոյգ ուժեղ գոմէշներ լծած է եւ մի զոյգ եզներ, որ սայլը դժուարաւ քաշելով կէս ժամու ճանապարհը մի ժամէն հազիւ կը բերեն ի կալատեղ։ Անխիղճ սայլորդ խարազանով շըփըռ շըփըռ կը վարէ խեղճ գոմշուկներ, լեզունին դուրս հանած շնչասպառ փնչփնչալով կը քաշեն. մօտ երթանք տես, Թոռնիկ, այդ կոպիտ սոսկավիթխար սայլը, չափէ սայլի երկայնութիւն եւ լայնութիւն. սայլին սռնակներով ի միասին կը դառնայ, սռնակի վերայ հեծած մառանը իւր ակներով հանդերձ եթէ կշռենք հարիւր լիտրէն աւելի է, վասն զի բոլոր թեղի ամուր փայտէ շինուած է. որ շատ ծանր է փայտերու տեսակին մէջ, ուստի սայլն ինքնին մի ահագին բեռ է եւ այս բեռան վերայ կը բառնան մինչեւ հարիւր յիսուն եւ աւելի բորենի խուրձեր։

Շատ կը մխիթարուիմ, Թոռնիկ, զի կը տեսնամ այժմ Վանայ գիւղական ժողովուրդ սկսած է Կարնոյ թեթեւ սայլեր գործածել, որ մեծ դիւրութիւն կուտայ երկրագործին։