Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/437

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վերայ, ես աստ կարձանագրեմ նոցա սուրբ եւ անմահ յիշատակը:

ԱՍՏ ԿԱՏԱՐԵՑԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈԻԹԵԱՆ ԵԻ ՀԱՏ ԱՆՈԻԱՆ ՀԱՄԱՐ ՔԻԻՐՏԵՐՈԻ ԱՆՈՂՈՐՄ ՍՐԷՆ, ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՏԷՐՈԻԹԵԱՆ ՀԻՆԳ ՀԱՐԻՈՐ ՏԱՐՈԻԱՆ ՀԱՈԱՏԱՐԻՄ ՀԱՑԵՐ

Փողոցէն ելէք, քահանայք, մտէ՜ք այդ մերձակայ տան մի սենեկին մէջ, ուր երկու նոր ամուսնացելոց հարսնարան եւ առագաստն է, տեսէ՜ք, գուցէ կը ճանաչէք. թերեւս դո՜ւք պսակ դրիք ու կապեցիք այդ դժբախտ գլուխները, տեսէ՜ք զոյգ համանման նորահաս կտրիճ ամուսիններ, երկու լծակից սիրելիները, զորս վայրագ Քիւրտեր միմեանց վերայ դնելով ընդ գետին գամեր են, որ գիտես թէ ուխտեր էին Նոյն իսկ մահուան մէջ իրարմէ չբաժնուիլ։

Հանէ՜ք այդ արիւնոտ ցիցը, հանէ՜ք ու տարէք պահեցէք, եթէ դատ եւ դատաստան լինի աշխարհիս մէջ, եթէ Հայուն զրկանքն եւս յիշեն երկրիս դատաւորները եւ արդարութեամբ փոխարէն հատուցանեն, յայնժամ դուք զայդ դատական ատենին մէջ բերէք, թող բողոքէ, վկայ լինի Հայոց անպարտ արեան։

Առէ՜ք նաեւ իջուցէ՜ք ի վայր ընդ ձող եւ ընդ ցից հանեալ Հայոց սօսանման երիտասարդներն. արեւ տեսաւ, լուսին տեսաւ, աստղեր տեսան, աշխարհ տեսաւ եւ Աստուած տեսաւ, այլ վկայ կը խնդրէ՞ք, ո՜վ աշխարհի ատենակալ դատաւորներ։

Համառօտեցէ՜ք, համառօտեցէ՜ք աշխարհի խաղաղութեան դաշնագիր, համառօտեցէ՛ք ձեր երկար եւ պատի պատ դատաստանին վճռագիր, տեսցուք թէ Հայոց այնչափ զրկանաց, այնչափ զոհերուն եւ թափած արեան գինը դուք ի՞նչ կը վճռէք։

Ժա՛մհար, թո՜ղ այդ ցցահան դիակներ, մտիր ի տանտուն թոնրին սալխուփն ի վե՜ր առ, տե՜ս, մարած մոխրին վերայ խանձողած կոճղ մի կայ, հան ի դուրս, մի՛ կարծեր թէ այրած հացի կոյտ է այդ, այլ հացթուխ եւ հացարար տանտիկինն է, որ մինչ բարկ թոնիրին շուրջ նստած անօթի քիւրտին համար հաց կեփէր, ապիրատներ կերան նորա հաց, զարկին ձգեցին վառած թոնիրին մէջ ու գնացին։

Թէ դիր գիտես, ժա՜մհար, համրէ ու գրէ թէ քանի՞ քանի Հայոց տանտիկիններ այդպէս հրայրեաց չարամահ մեռան։ Թոնիրներէն ելած բոլոր Հայոց կիներուն խանձողուած նշխարներւ, Ժա՜մհար, լի՜ց կողովը, շալակդ առ, գնա՜ մինչեւ յԵւրովպ,