Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/50

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նան միջոցներ կը գործածուի գարի կամ այլ հնդեղէն բաներ ցանելու համար։ Երբեմն Ապրիլ ամսոյ վերջեր եւ երբ գարուն շուտ գայ, եւ երբեմն Մայիս ամսուան մէջէն կսկսին գութան, եւ առաջին նուագին կաթնավար կասեն, երբ ձողը կակուղ եւ դիւրավար է. եւ յետոյ հետզհետէ կը պնդանայ՝ մեծ մեծ կոշկոռներ կը լինին վարած ժամանակ։ Սորա համար կաճապարեն մեր գիւղացիք որ գութեան շուտ լծեն. որ կաթնավարի ժամանակ չանցնի։ Բայց Վանայ ծովու եզերք Արձկու եւ Արճիշոյ գաւառները, որոց գետին վարելու եղանակ տարբեր է եւ աւելի արդիւնաւոր. եւ այդ կերպ մշակութեան՝ գիր կասեն, նոքա երկու անգամ կը հերկեն գետինը, առաջին անգամ սկիզբն գարնան խորունկ կերպով հարօրավար կանեն եւ կը տափեն կը մնայ այնպէս մինչեւ աշնան սկիզբն, եւ ապա կսկսին կրկին վարել դարձեալ մի տեսակ Բարօրով, որուն խոփի ետեւ կցուած կան երկու տախտակներ կանգուն ու կէս երկարութեամբ եւ թզաչափ լայնութեամբ, իսկ վարի մասն մի մատի չափ բաց է տախտակներու երկարութեամբ, այնպէս որ սերմնահան այդ հարօրիս ետեւէն էրթալով սերմը փոքրիկ բուռով կը ձգէ տախտակներու մէջ եւ անտի ակօսին մէջ կիյնան կարդալ սերմի հատիկներ, ակօսի երկու կողմի հողեր թափելով կը ծածկեն սերմեր։ Դու տեսնաս բուսած ժամանակ որչափ սիրուն ձեւ կունենան ուղիղ գծով ակօսէն կը բարձրանան. եւ յաջող տարին մինչեւ մէկին քսան եւ քսան հինգ կուտան։ Այդ կողմի երկրագործներ սերմէն եւս վաստակ ունեն. զի մեր ցանած մի չափի տեղ նոքա կէս չափ կը ցանենէ եւ ցանուած սերմի Տատիկներ ամբողջապէս կը բուսնին, այնինչ մեր կերպով ցանուածներ մի երրորդ մասն կը կորսուին, զոր պիտի պատմեմ իւր տեղը։ Այս երկու գաւառներու մշակութեան արդիւնքը այնքան բեղմնաւոր կը լինին որ ցորենով կը լնու Վասպուրական երկիրը. ինչ տարի որ անյաջող լինին այս գաւառներու հունձքեր, այդ նշան է որ այն տարին հացի թանգութիւն կը սկսի։ Արճիշոյ եւ Արձկու գաւառներու մշակութեան մասին միայն այս չափը գրելով կը դառնամ շարունակել, Թոռնիկ, մեր մշակութեան կարգը։

Կաթնավարի հերկագործութիւն շատ չի տեւեր քանի շաբաթէն յետոյ վարելիք արտեր կսկսեն պնդանալ եւ այն ժամանակ տես դու որչափ դժուարութեամբ գութանը կը ճեղքէ ա կօսներ, եւ որչա՞փ մեծամեծ կռէթի կոշտերը պալ պալ կը