Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շարունակեն ակօսներու վերայ։ Մեր գիւղացիք տակաւին չեն գիտեր սորա դիւրին միջոցը. բայց Խարբերդցին քաջ գիտէ, վասըն զի պնդացած եւ կարծրացած արտերը նախ կը ջրէ եւ ապա կը վարէ, որ բնաւ այլ եւս կոշկոռներ չի լիներ, որովհետեւ գութանի ժամանակ դեռ ջուրեր առատ կը լինին։

Որչափ լաւ կը լիներ, Թոռնիկ. եթէ մեք եւս հետեւելով այս օրինակին կարգ դնելով հետզհհտէ ջրէինք պնդացած արտերը եւ այնպէս վարէինք, եւ գիտե՞ս դու երկու կերպով շահաւոր կը լինի այս միջոցը։ Ո՛չ միայն արտ դիւրին կը վարի եւ կըռէթ չի տար, հապա ջուրն եւս զօրութիւն կուտայ հողին եւ կաւելցնէ նորարարական ոյժը: Թող բանուած ժամանակ, երբ հերկ մեծ մեծ կոշկոռներ ունի, ցանուած սերմին մի մասն այդ խոշոր կռէթներուն տակն իյնալով կը կորսուին, մի մասն եւս հերկ ջրուած ատեն ջրատար կը լինին, եթէ հաշուենք նաեւ թէ ջրկալին ոտք որչա՞փ հատիկներ դէպ ի վար կը տանի, հապա երբ սերման ընտրութիւն չի լիներ, վտիտ եւ անշահ հատիկներ եւս անբոյս կը մնան։ Այս հաշուելով մի չափ սերմի ցորենէն՝ Հազիւ կէսը կը բուսնին եւ կէսն ի կորուստ կերթայ։

Պէտք է հաշուենք նաեւ ջրկալներուն օրավարձը որ շատ աւելի կը լինի այդպիսի արտերուն համար մանաւանդ երբ ցանաած հերկերը առանց կորի քաշելու կը ջրեն, ինչպէս Վանայ շրջապատ քաղաքացւոց եւ ուրիշ գեղերու արտեր։ Այս մասին ես շատ ուրախ եմ Թոռնիկ որ մեր Արճակու գիւղացիք կորի քաշելու շատ վարժ են, եւ մեր արտերն եւս դուրան լինելով չորս ջրկալի տեղ մի ջրկալ բաւական կը լինի, եւ մինչեւ մի ջրաղացի ջուր թող կուտայ մի արտի մէջ եւ կարող կը լինի կառավարել։

Հերկելու կռէթներն մի ուրիշ սոսկալի դժուարութիւն էլ կուտան, երբ ցանուելէն յետոյ կը մանկեռէ մշակը. դու տեսեր ես մանկեռ, որ չորս կանգուն երկայնութեամբ մի հաստ թեղի կարծր եւ ծանր փայտ է, որոյ վերայ շարւած են տուն կամ աւելի փայտէ մատներ, որոյ վերայ կը կենայ մշակ, չունի մի ծայր կը բռնէ, որոյ միւս ծայր կապուած է լուծին։ Ահա ցանուած արտ մի կը մանկեռեն երթանք աչքովդ տես Թոռնիկ. որ հաւատաս թէ մշակական աշխատութեան մէջ ամենէն սոսկալի դժուարութիւն մանկեռն է, տես ինչպէս մեծ մեծ բալերուն սաստիկ զարնուելով եւ շփուելով մանկեռ մերթ ընդ մերթ կոստ-