Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/66

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

արձակուելով՝ անմիջապէս արածելու տեղ կը գտնեն, հարկ չի մնար հեռաւոր տեղեր տանելու։ Հին ժամանակ որ ես տեսած եմ ընդարձակ արտամէջեր կային, զի մեր նախնիք շատ հոգացող եւ խղճմտանքով մարդիկ էին, անասնոց վերայ կարեկցութեամբ, գութ եւ խնամք ունէին։ Բայց արդի ժամանակ այդ առաքինութիւն բարձուած է գիւղական ժողովոլրդի սրտէն, որ միայն իւր հաց մտածել գիտէ, իսկ խեղճ անասնոց համար ոչինչ փոյթ չունի։

Այժմ կը տեսնա՞ս, Թոռնիկ, թէ ինչպէս արտ արտի կցուած եւ ոչ քայլ մի անգամ միջոց մնացած է: Եթէ յաջողի մի արտի տէր իւր դրացի էն յառաջ լծել գութան, նա կը ջանայ արեւուն առաջ յայտնի կերպով քանի մի ակօս գողնալ դրացիի արտէն, եւ խառնել իւր արտին եւ այսպէս առանց խղճի գողնալով ընկերոջ բաժնի հողէն մեծ անիրաւութիւն կը գործէ, որուն հետեւանք կը լինի անվերջանալի կագ ու կռիւ երկու դրացիներու մէջ։

Սորա համար շատ եւ շատ կարեւոր է. որ ամէն արտատէր իւր արտին շրջապատ թումբ քաշելով որոշէ ճշտութեամբ իւր արտին սահմանն. որով ոչ միայն իւր սեպհականութիւն կապահովի, այլ աւելի ուրիշ օգուտ եւս ունի արտին շրջափակ թումբ, որ արտը ջրուած ժամանակ ջուրն արտէն դուրս չի վազեր ողողելով եւ հեղեղատներ բանալով յորդ անձրեւներու ժամանակ, մ-նաւանդ երբ արտը հաւասարութիւն չունի, դար ու փոս է։

Արտերու բարեկարգութեան մասին մի պայման էլ այն է արտին փոս տեղեր հաւասարել, այնպէս որ արտին տարածութեան մակերեւոյթ մէկ ծայրէն միւս ծայր հաւասար եւ շիտակ լինի. եւ այդ շատ դիւրութեամբ կը լինի, ոչ միայն ձեռքի աշխատութեամբ, այլ նաեւ թէ անձրեւ եւ թէ ջուրը բնականապէս դարերուն հողերը ողողելով փոս տեղեր կը լեցնեն եւ ինքնին կը հաւասարին։ Միայն թէ բաւական չէ արտին շրջափակ թումբ, պէտք է արտին մեծութեան եւ դիրքին համեմատ թումբեր քաշուին, պարզ օրինակով բացատրեմ քեզ, Թոռնիկ, որ լաւ մբռնես։

Եթէ մի արտ ունինք, որ երկու հարիւր կանգուն երկարութիւն ունենայ եւ հարիւր կանգուն լայնութիւն, եւ այդ արտ երկարութեան վերի ծայրէն սկսեալ մինչեւ վարի ծայր աստի