Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/69

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րա պատճառ, բայց ժողովուրդ փորձով հասկցած է, որ ինքնաբոյս խոտերը մեր ցանած սերմնաբոյսերուն բռնաւոր թշնամի են, վասն զի իրենք աւելի աճելով ու զօրանաքով կը նւաճեն եւ կը խեղդեն մեր բոյսերը. չեն թողուր որ աճեն եւ զօրանան, ուստի քաղհանք անելով արմատով դուրս կուտան, էն ժամանակ կը տեսնաս որ ընտանի բոյսեր շուտով կսկսեն աճել։

Սորվիր, Թոռնիկ, թէ ի՞նչպէս է սորա ներքին եւ բնական պատճառ, ինձ կը թուի որ բոյսեր որչափ ցանցառ լինին, այնչափ աւելի ուժով եւ շուտով կը զօրանան, որովհետեւ աւելի հիւթ եւ սնունդ կընդունեն մայր հողէն, եւ քաղհանք եղած բոյսերուն բաժին հիւթը իրենք կը ծծեն եւ կուռճանան։ Ժողովուրդին մի խօսած առածը պարզապէս կը հասկցունէ այս միտքը. թէ «սոխին նօսր գլուխ կը ձգէ»: Միթէ չունի՞մք աւելի բնական օրինակ, մեր մայր երբ երկուորեակ ծնի, նորա ստինքներու կաթը բաժին կը լինի երկու զաւակաց, այլ երբ մի հատիկ զաւակ ծնի, երկու ստեանց կաթը միանգամայն բաժին կը մնայ նորածին մանկան, որով կաթնկեր մանուկն աւելի առատ ծծելով աւելի կը զօրանայ։ Այս չափս հերիք է արտերու մաքրութեան մասին, կարգն է այժմ, որ խօսիմ հողին պարարտութեան վերայ. որ կառաւելու երկրագործին շահն ու վաստակ, եթէ գիտնայ ի գործ դնել ամէն այն միջոցներ որ հողին ուժ եւ պարարտութիւն կուտան։


Ժ.

ՄԱՅՐ ՀՈՂԻՆ

ՏԿԱՐՈԻԹԻԻՆ ԵԻ ԶՕՐՈԻԹԻԻՆ

Փորձ ինքնին իբրեւ վարժապետ կուսուցանէ մեզ, Թոռնիկ, երբ յաճախ առանց հանգիստ տալու մի արտ կը վարեմք եւ կը ցանեմք, կը տեսնամք որ առաջի տարին մեծ արդիւնք կուտայ, հետեւեալ տարին կսկսի նուաղիլ երրորդ տարին բոլորո—